Ատրպէյճանի Զինուած ուժերը կրակած են Արցախի Մաճկալաշէն և Ճարտար համայնքներուն մէջ գիւղի աշխատանքները կատարողներուն ուղղութեամբ:
Հայաստանի տարածքին մէջ ատրպէյճանցիներու կողմէն դրօշակ տեղադրելու փորձը կանխուած է. Հայաստանի ԱԱԾ:
Ատրպէյճանի Զինուած ուժերը կրակած են Տեղի հատուածին հայկական դիրքերու ուղղութեամբ, իսկ Կապանի հատուածին հայկական դիրքի վրայ անօթաչու թռչող սարք կիրառած էն. ՊՆ:
Հայաստանի տարածքի վրայ յարձակումներով Ատրպէյճան կը վտանգէ շարունակուող խաղաղ բանակցութիւնները․ Փալոն:
Ատրպէյճան արգիլած է բոլոր մարդասիրական փոխադրումները Լաչինի միջանցքով:
Ատրպէյճանցիները աւերած են Արցախի Հալիվոր կամուրջը:
Մոսկուան անհանգստացած է տեղեկութիւններով, որ Ուաշինկթըն կը փորձէ միջնորդութիւն պարտադրել Պաքուին և Ստեփանակերտին․ Ռուսաստանի ԱԳՆ:
Անգարայի մէջ Զուիցերիոյ դեսպանը կանչած են Թուրքիոյ ԱԳՆ Էրտողանի դէմ շարժումին պատճառով:
Ատրպէյճան և Փաքիստան նախատեսած են համագործակցութիւնը ընդլայնել ռազմական ոլորտի մէջ:
Իրան ու Պահրէյն կարող են վերականգնել դիւանագիտական յարաբերութիւնները:
Անի Զէյթունցեան