Երկու շաբաթ առաջ Սուրիոյ տարբեր նահանգները զարնող երկրաշարժի ցնցումէն տակաւին չհանդարտած վրայ հասաւ երկրորդը։ Հալէպի բնակիչները ահ ու սարսափի մէջ են։
Ջորջ Մարտիրոսյան (Հալեպի բնակիչ) - Ամէնքս վախի մէջ ենք, շէնքերէն, տուներէն դուրս ելանք, ամէն վայրկեան երկրաշարժ կ՛ըլլայ կոր, կ՛իյնանք, կը կտրտուինք, կառավարութիւնը կ՛ըսէ տուներնիդ մնացէք։
Հայկական կեդրոններուն, եկեղեցիներուն, դպրոցներուն ու ակումբներուն մէջ օժանդակութեան աշխատանքները դադար չեն առներ։
Նարեկ Բիթար (Նալբանդյան սրահի պատասխանատու) - Մեծ թիւով ժողովուրդ ընդունեցինք։ Մեր կարելիութեան մէջ ինչ որ կրցանք ժողովուրդին ապահովել։ Դժբախտաբար վախի, սարսափի մթնոլորտը շատ գէշ է ժողովուրդին վրայ։ Մենք արդէն երկրաշարժի առաջին օրերէն կրցած ենք քնանալու տեղ ապահովել, ճաշ, ընթրիք, նախաճաշ և դեղորայք և ինչ որ մեր կարելիութեան մէջ կրնանք ժողովուրդին օգտակար դառնալ։
Նկատառելով, որ նախորդ երկրաշարժէն ետք վտանգաւոր համարուած շէնքերը դատարկուած էին, ապա զոհ չարձանագրուեցաւ, բացի երեք պարագաներէ, որոնք վախէն սրտի կաթուածով մահացան։
Մագի Բերբերյան (Արտակարգ իրավիճակների կառույցի անդամ) - Մենք արդէն առաջինէն չարթնցած ցնցումները կ՛ապրէինք երկրորդը եղաւ, չեմ գիտեր ինչ ըսեմ, եկեղեցիները, դպրոցները իրենց դռները բացին բոլոր ժողովուրդին դիմաց, մինչև առաւօտ խճողեցին և ամէն տեսակ սպասարկութիւն կատարուեցաւ, որ աւելի ապահով զգան։ Այս արտակարգ իրավիճակի կազմուած մարմինը աշխատանքի մէջ է առաջին վայրկեանէն։
Իրավիճակը կը շարունակէ մտահոգիչ մնալ, մարդիկ ջղագրգիռ են ստեղծուած անկայունութենէն, ոչ ոք կրնայ եկող ժամերու կացութիւնը կռահել։