Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի նախաձեռնութեամբ հիմնուած ՓԵԹԱԿ հայկական ճաշատեսակներու պատրաստութեան տնտեսական եկամտաբեր ձեռնարկութիւնը շուրջ տասնհինգ տարիէ ի վեր կը գործէ: Փեթակի խոհանոցին մէջ ամէնուրեք աշխատանք կայ, անկիւն մը կը պատրաստուին կարիքաւոր ընտանիքնեուն ճաշերը, այլ բաժնի մը մէջ ազգային պատսպարանի և հայ ծերանոցի, իսկ ուրիշ տեղ հայ թէ ոչ հայ տեղաբնակներու կողմէ կատարուած պատուէրները:
Սիլվա Քյօսեյան (Խնամատարական հանձնախմբի պատասխանատու) - Մօտաւորապէս 420 կարիքաւոր ունինք, որ երեք օրուան հերթականութեամբ իրենց ճաշ կը բաժնենք: Երեքշաբթի օրերը պատսպարանին կու տանք 35 հոգինոց ճաշ, իսկ Շաբաթ օրերը Հայ Ծերանոցին 20 հոգինոց ճաշ:
Նպաստընկալ ընտանիքներու եռօրեայ դրութեամբ ճաշի բաշխումը Հայ Օգնութեան Միութեան «Պնակ մը տաք ճաշ» բարեսիրական ծրագիրն է, որ կ՛իրականացուի ՓԵԹԱԿ խոհանոցին մէջ: Այս ձեռնարկի տնօրինումը յանձնուած է ինը հոգիէ բաղկացած կանանց կամաւոր յանձնախումբի մը, որոնք եօթ աշխատակիցներու օգնութեամբ ձեռնհասօրէն կը հետապնդեն գործը:
Մարինա Հայրապետյան («Փեթակ»-ի հանձնախմբի պատասխանատու) - Ամենալաւ եկամուտ ունեցող յանձնախումբն է, մեր եկամուտները կը գործածուին միութեան բարեսիրական աշխատանքներուն: ՓԵԹԱԿը պահպանած է Արևմտահայաստանէն մեր հետ բերած ճաշատեսակները:
Խանդավառուելով «ՓԵԹԱԿ»Ի յաջող նախաձեռնութենէն՝ Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի Շրջանային Վարչութիւնը ամիսներ առաջ ձեռնարկեց «ՇԻՐԱԿ» պաշարի կեդրոնի հիմնադրութեան:
Լենա Ալեքսանյան («Շիրակ» սննդի պաշարի կենտրոնի պատասխանատու) - Տնտեսական ծանր պայմաններուն տակ միշտ մեզի գործի դիմումներ կ՛ըլլար, իսկ Ս.Օգնութեան Խաչի առաքելութեան ամենակարևոր բաժինը, որ մեր տիկիններուն գործ հայթայթենք»:
Ձեռնարկութիւնը «ՇԻՐԱԿ» անուանած են յուսալով, որ ամբարուած պաշարը հայրենի Շիրակի հացահատիկի շտեմարաններու նման առատութիւնը կ՛ունենայ: Միութեան շահերու պաշտպանութեամբ մտահոգուելով՝ անոր պատասխանատուները այս գործը ամնեայն բծախնդրութեամբ կեանքի կոչած են:
Լենա Ալեքսանյան - Չուզեցինք մեծ գումար տրամադրել, մեր անհրաժեշտ պէտքերը ընկերուհիներուն նոյնիսկ տուներէն ապահովեցինք, որ հակառակ պարագային եթէ ձախողէր ծանր վնասներու չենթարկուէինք:
Քանի մը ամսուան կեանք ունեցող «ՇԻՐԱԿ» պաշարի կեդրոնը ցարդ մասնակցած է երեք ցուցահանդէսներու: Անոր պատրաստութիւնները մեծ ընդունելութիւն կը գտնեն այցելուներու կամ յաճախորդներու կողմէ:
Լենա Ալեքսանյան - Արդէն սպառած ենք մեր պատրաստած պաշարի մեծ մասը:
Շիրականները ուտեստներու պատրաստութիւնը համարեա՛ Արևմտահայաստանի խոհանոցէն բերուած են՛ անոնք նախանձախնդիր են հայկական սեղանը զարդարող գաղտնիքները սերունդէ սերունդ փոխանցելու:
Հայկան Գալայճյան («Շիրակ» սննդի պաշարի կենտրոնի հանձնախմբի պատասխանատու) - Մենք մեր մայրերէն սորված ենք տնային պարաշարները, մեր մայրերը իրենց մեծ մայրերէն, որոնք Արևմտահայաստանէն եկած են և իրենց սովորութիւնները բերած են իրենց հետ:
ՓԵԹԱԿԻ և ՇԻՐԱԿԻ ձեռնարկութիւններու շնորհիւ աշխատանք կ՛ապահովուի աւելի քան տասնեակ մը հայ ընտանիքներու, միաժամանակ Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի բարեսիրական ծրագիրներուն եկամուտ կ՛ապահովուի: