Ատրպէյճան արդէն վեցերորդ օրն է` որ Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճամբան փակ կը պահէ:
Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութեան հերթական ապատեղեկութիւնն է. Հայաստանի ու Արցախի Զինուած ուժերը չեն կրակած ատրպէյճանի դիրքերուն ուղղութեամբ:
Ամերիկան կոչ կ՛ընէ կարելիին ջափ շուտ վերականգնել Լաչինի միջանցքով ազատ տեղաշարժը. Պետական քարտուղարութիւն:
Ամերիկայի երեք տասնեակ քոնկրեսականներ նամակով դիմած են նախագահ Ճօ Պայտընին՝ կոչ ընելով վճռական գործողութիւններ ձեռնարկել՝ ապահովելու արցախահայութեան անվտանգութիւնը:
Ատրպէյճանի կողմէն Լաչինի միջանցքի շրջափակումը աններելի մարդասիրական ճգնաժամ յառաջացուց. Ամերիկացի քոնկրեսական:
Մենք պէտք Ատրպէյճանը պատասխանատուութեան ենթարկենք. Քեթրին Քլարք:
Արցախի մէջ մարդասիրական աղէտը անխուսափելի է, եթէ աշխարհը քայլեր չձեռնարկէ. Փոլ Գրիգորեան:
Ազատ տեղաշարժը Լաչինի միջանցքով պէտք է շուտ վերականգնուի. Գերմանիոյ Մարդու իրաւունքներու յանձնակատար:
Պուխարեստի մէջ համաձայնագիր ստորագրուած է Վրաստանի տարածքով Ատրպէյճանէն Եւրոպա ելեկտրականութիւն տեղափոխելու մասին:
Հեղինակ՝ Անի Զէյթունցեան