Ատրպէյճանի Զինուած ուժերու ստորաբաժանումները կրակ բացած են հայկական դիրքերու ուղղութեամբ. հայկական կողմը կորուստներ չունի:
Փութին Փաշինեանին հետ առանձին հանդիպում պիտի ունենայ Երևանի մէջ. Փեսքով:
Ֆրանքոֆոնի միջազգային կազմակերպութեան անդամները իրենց աջակցութիւնն ու համերաշխութիւնը յայտնած են Հայաստանին:
Հայ-լիբանանեան յարաբերութիւնները հիմնուած են երկու ժողովուրդներու դարաւոր բարեկամութեան վրայ. Արարատ Միրզոյեան:
Ռուսաստան Սուրիոյ մէջ հրաժարած է «իր պարտքը կատարելու». Էրտողան:
Եգիպտոսի և Թուրքիոյ նախագահները առաջին անգամ հանդիպեցան Քաթարի մէջ:
Անգարան քրտական ուժերու դէմ օդային գործողութիւն կատարեց Սուրիոյ և Իրաքի հիւսիսը, ոչնչացուած է մօտ 90 թիրախ:
Իրանի զինուած ուժերն ալ հրթիռներով հարուածած են Իրաքեան Քուրտիստանը:
Ղազախստանի նախագահի ընտրութիւններուն յաղթեց գործող նախագահ Քասիմ-Ժոմարտ Թոքաև:
Նոյեմբեր 14-20 Հայաստանի մէջ արձանագրուած է քորոնայի հիւանդութեան 118 նոր դէպք: Առողջացած է 144 բուժառու, մահուան դէպք չկայ:
Հեղինակ՝ Անի Զէյթունցեան