Ատրպէյճանական դիրքէն կրակած են Արցախի Հաց գիւղի դաշտին մէջ աշխատող քաղաքացիին ուղղութեամբ:
23 Նոյեմբերին Երևանի մէջ կը սպասուի ՀԱՊԿ Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նիստը:
Երկարամեայ աշխատանքին համար բժիշկ Հրայր Յովակիմեան պարգևատրուեցաւ Հայրենիքի շքանշանով։
Երևան վերահաստատեց իր յանձնառութիւնը Մոնթեվիտիոյի մէջ Հայաստանի դեսպանատան բացման առնչութեամբ:
Միշուսթին Պաքուի մէջ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակումը կարևոր նկատեց:
Նէնսի Փելոսին հեռացաւ Ամերիկայի Ներկայացուցիչներու պալատի Դեմոկրատական կուսակցութեան առաջնորդի պաշտօնէն, սակայն աշխատանքը կը շարունակէ ստորին պալատին մէջ:
Ադոմային ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան կառավարիչներու խորհուրդը բանաձև մը ընդունեց, թէ Ուքրանիոյ մէջ «կեղտոտ միջուկային ռումբի» մշակման ապացոյցներ չեն յայտնաբերուած։
Ուքրանացիները հոսանքէն զրկուած են ռազմական ենթակառուցուածքները թիրախաւորելու հետևանքով. Փեսքով:
Հաագայի դատարանը հեռակայ կարգով ցմահ ազատազրկման դատապարտեց «Մալէզիական ուղիներ» ինքնաթիռի վթարի մեղաւորները:
Հեղինակ՝ Անի Զեյթունցեան