Հոկտեմբեր 16-ին Ատրպէյճանի ստորաբաժանումները կրակ բացած են հայկական դիրքերու ուղղութեամբ:
Վարդենիսի ուղղութեամբ հրետանիի առկայութիւնը կապուած է Ատրպէյճանի լրացուցիչ ուժերու եւ միջոցներու տեղաշարժին հետ. Պաշտպանութեան նախարարութիւն:
Հայաստան հաղորդակցութիւններու հարցով Ատրպէյճանի արձագանգին կը սպասէ. Նիկոլ Փաշինեան:
Եւրամիութեան Արտաքին գործոց նախարարները հաստատած են հայ-ատրպէյճան սահմանին քաղաքացիական առաքելութեան տեղակայումը:
Արարատ Միրզոյեան և Եւրամիութեան առաքելութեան անդամները քննարկած են վերջինիս լիազօրութիւններուն և տեղակայման վայրերուն առնչուող մանրամասներ:
Կոչ կ՛ընեմ միջազգային գործընկերներուն հասցէական դատապարտել Ատրպէյճանի յարձակումը. Ալեն Սիմոնեան՝ Պրազիլիոյ դեսպանին:
Հայաստանի Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը զուիցերիացի խորհրդարանականներուն ներկայացուց Ատրպէյճանի պատերազմական յանցագործութիւնները:
Ատրպէյճանի գործելաոճը արմատապէս կը հակասէ Արևելեան գործընկերութեան արժէքներուն և սկզբունքներուն. Արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ:
Հոկտեմբեր 10-16 Հայաստանի մէջ արձանագրուած է քորոնայի հիւանդութեան 387 նոր դէպք: Առողջացած է 791 բուժառու, ունինք մահուան 6 դէպք:
Հեղինակ՝ Անի Զէյթունցեան