Հայաստան Ատրպէյճանին առաջարկած է Պրիւքսէլի մէջ կազմակերպել սահմանազատման և սահմաններու անվտանգութեան հարցերով յանձնաժողովներու նիստ. Փաշինեան:
Հոկտեմբեր 15-ին Ատրպէյճան հայ-ատրպէյճան սահմանի արևելեան հատուածին կրկին խախտեց հրադադարը:
Ամերիկան կ՛ողջունէ Հայաստանի և Ատրպէյճանի միջև խաղաղ կարգաւորման շուրջ համագործակցութեան ցանկութիւնը. Պետական քարտուղարութիւն:
Դեսպան Տոլմաճեան Ֆրանսայի Ազգանին ժողովի նախագահին հետ հանդիպման անդրադարձած է Հայաստանի դէմ Ատրպէյճանի յարձակումին:
Ժնևի նահանգային խորհուրդը Արցախի հայերու ինքնորոշման իրաւունքը ճանչնալու կոչով բանաձև մը ընդունեց:
Այս ցեղասպանութիւնը երբէք մենք պէտք չէ մոռնանք. Զուիցերիացի պատգամաւորները Ծիծեռնակաբերդ այցելեցին:
Ռուսաստանի մէջ մասնակի զօրահաւաքը կը վերջանայ մօտ երկու շաբաթէն. Փութին:
Պայտըն մինչև 725 միլիոն տոլարի լրացուցիչ ռազմական աջակցութիւն յանձնարարած է տրամադրել Քիևին:
Պելկորոտի նաւթակայանին մէջ հրդեհ բռնկած է Ուքրանիոյ կողմէն հրթիռակոծումէն յետոյ:
Թուրքիոյ Պարթըն քաղաքի ածուխի հանքին մէջ պայթումի հետևանքով զոհերու թիւը հասած է 40-ի։
Հեղինակ՝ Անի Զէյթունցեան