Հայ-ատրպէյճանական սահմանին իրադրութեան փոփոխութիւն չէ արձանագրուած:
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին միջազգային դիտորդական առաքելութեան տեղակայումը լուծում կրնայ ըլլալ. Փաշինեան:
Ատրպէյճան կը փորձէ այնպէս ընել, որ Հայաստանին զէնք չմատակարարուի. վարչապետ:
Ֆրանսան կը ցաւակցի եւս 3 հայ զինուորներու մահուան կապակցութեամբ. Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանութիւն:
Ամերիկան տարբեր մակարդակներով կ՛աշխատի Հայաստանի և Ատրպէյճանի միջև լարուածութիւնը մեղմացնելու ուղղութեամբ. Փրայս:
Ամերիկայի ներգրաւուածութիւնը տարածաշրջանին մէջ դրական ազդեցութիւն կ՛ուենայ իր հետ բերելով անվտանգութեան յաւելեալ երաշխիքներ. Հայաստանի Անվտանգութեան Խրհուրդի քարտուղար:
Արմէն Գրիգորեան Լաուրա Քուփըրին ներկայացուցած է Ատրպէյճանի յարձակումը և ատոր հետևանքները։
Ամերիկայի քոնկրեսականները Հայաստանի դէմ յարձակումին համար՝ Ատրպէյճանի դէմ պատժամիջոցներ սահմանելու բանաձև մը ներկայացուցած են:
Ամերիկան Ուքրանիոյ ռազմական աջակցութեան հերթական փաթեթը պիտի տրամադրէ:
Եւրամիութիւնը նոր պատժամիջոցներ կը պատրաստէ Մոսկուայի դէմ Տոնպասի, Զապորոժիէի և Խերսոնի մէջ տեղի ունեցած հանրաքուէներուն պատճառով: