Առաւօտեան Ատրպէյճանի զինուած ուժերը կրկին խախտած են հրադադարի դրութիւնը՝ տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէն կրակ բանալով հայ-ատրպէյճանական սահմանի արևելեան ուղղութեամբ հայկական մարտական դիրքերուն ուղղութեամբ։
Նիկոլ Փաշինեան Էնթոնի Պլինքընի հետ հանդիպման կարևոր նկատեց միջազգային հանրութեան կողմէ Ատրպէյճանի գործողութիւններու դատապարտումը:
Հայաստանի վարչապետը Ենս Սթոլթընպըրկի հետ հանդիպման անդրադարձաւ լայնածաւալ յարձակումներուն Հայաստանի ինքնիշխան տարածքի նկատմամբ:
Միրզոյեան Յորդանանի փոխվարչապետին հետ հանդիպման շեշտեց Ատրպէյճանի առաւելապաշտական քաղաքականութիւնը զսպելու անհրաժեշտութիւնը:
Քիևի ռեժիմը ահաբեկչական դարձած է. Մաթվիենքօ:
Ռուսաստան զօրահաւաք յայտարարելով՝ իր ռազմական ձախողումը կ՛ընդունի. Զելենսքի:
Ռուսաստան արդէն «բարոյապէս և քաղաքականապէս» պարտուած է պատերազմին մէջ. Ժոզէփ Պորել:
Ռուս-ուքրանիական պատերազմը պէտք է աւարտուի. բոլոր վէճերը կրնան լուծուիլ երկխօսութեան միջոցով։ Իրան պատրաստ է հակամարտող կողմերուն միջև միջնորդ դառնալու. Էպրահիմ Ռայիսի:
Հեղինակ՝ Անի Զէյթունցեան