Երևան ժամանեց Ամերիկայի Ներկայացուցիչներու պալատի խօսնակ Նէնսի Փելոսին:
Փաշինեան հեռախօսազրոյց ունեցած է Միշէլի հետ, մանրամասներ ներկայացուցած Հայաստանի ինքնիշխան տարածքի դէմ ատրպէյճանական յարձակումի հետևանքով ստեղծուած իրավիճակի մասին:
Ռազմական յանցագործութիւններու մասին բոլոր յայտարարութիւնները պէտք է հետաքննուին. Թոյվօ Քլաար:
Հայաստանը Արդարադատութեան միջազգային դատարան կը դիմէ:
Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի փաստահաւաք խումբերը ատրպէյճանական Զինուած ուժերու թիրախաւորած բնակավայրերուն մէջ կ՛աշխատին: Արտահերթ զեկոյց՝ Հայաստանի դէմ ատրպէյճանական զինուած յարձակման հետևանքներուն վերաբերեալ:
Աշխատանքյաին այցով Ամերիկա մեկնած է Արցախի Արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Պապայեան:
Տարածաշրջանին մէջ պատմական և միջազգային սահմաններու որևէ փոփոխութիւն անընդունելի է. Իպրահիմ Ռայիսի:
Մոսկուայի հետ «վախէն դրդուած» խաղաղութեան համաձայնագիրի կնքումը վատագոյն միջոցը կ՛ըլլայ Քիևին համար. Զելենսքի:
Տաճկիստանի ու Ղրղզստանի սահմանին բախումները կը շարունակուին: Հաւաքական անվտանգութիւն պայմանագիր կազմակերպութիւնը երկու երկիրներուն կոչ ըրած է հակամարտութիւնը կարգաւորել դիւանագիտական ճանապարհով:
Հեղինակ՝ Անի Զէյթունցեան