Կիլիկիայէն տեղահան եղած մեր հայրենակիցները կը յաջողին իրենց խոցուած հոգիներուն հետ Հալէպ բերել խորտակուած մատեաններ: Հիւղաւաններու հէգ կեանքը պատճառ չի դառնար, որ օտար ափերու վրայ հասակ առած հայու շառաւիղները հայերէն ընթերցանութիւնը ամէնօրեայ հացի նման կենսական համարեն: 1919-ին այնթապցի երիտասարդներ Հալէպի մէջ կը հիմնեն «Քրիստափոր» գրադարանը, Այնթապի համանուն մատենադարանի անունով:
Ալին Քյուրիմլյան (Հալեպի «Քրիստափոր» Գրադարանի հանձնախմբի անդամ)
Եղեռնէն փրկուած հայեր, որոնք հաստատուած են քաղաքս, Արևմտահայաստանէն, յատկապէս Կիլիկիոյ շրջանէն, իրենց հետ բերած են գիրքեր և 17 հատորով հիմնուած է «Քրիստափոր» գրադարանը:
Այնթապի մէջ մնացած 450 հայերէն գիրքերէն, կիլիկեցիները 17 գիրքեր կը փրկեն և կը հասցնեն Հալէպ, ապա կը սկսին գրքահաւաքի աշխատանքներուն և հարիւր տարուան ընթացքին 17 գիրքերով կազմուած գրադարանը կ՛ունենայ 10 հազար հատոր: Մատենագրական ցանկը աչքի կը զարնէ Պոլսոյ մէջ տպուած հրատարակութիւններով: Կան կոստանդնուպոլսոյ հայկական տպարաններուն մէջ տպուած աւելի քան 160 տարուան կեանք ունեցող նմոյշներ:
Ալին Քյուրիմլյան - Ունինք պատմական, ուսումնասիրական, գրական, մատենագրական գիրքեր, հայերէն, անգլերէն, արաբերէն, Ֆրանսերէն, իտալերէն և ռուսերէն: Ունինք հարուստ երաժշտական բաժին մը, առաւել մանկական յատուկ գիրքեր»:
Գրադարանը դար մը առաջ հիմնադրուած է Հալէպի Ճըտէյտէի շրջանին մէջ, աւելի ուշ տեղափոխուած է Թիլելի մէջ գտնուող Հրաչ Փափազեան ակումբ, իսկ 1989-էն հաստատուած է Արամ Մանուկեան Ժողովրդային Տան մէջ: Սուրիոյ ապրած պատերազմի տարիներուն Հալէպէն ներգաղթողներն ու արտագաղթողները իրենց սեփական տնային գրադարանները նուիրած են «Քրիստափոր» գրադարանին:
Ալին Քյուրիմլյան - Գրադարանի վարչութիւնը նուէր եկած գիրքերով կը հարստացնէ իր գրքացանկը, իսկ կրկնօրինակները կը դնէ վաճառքի: Ունինք մօտաւորապէս վաճառքի երեք հազարէն աւելի գիրքեր»:
Ընթացիկ աշխատանքներուն կողքին գրադարանի վարչութիւնը կը կազմակեպէ ցուցահանդէս-վաճառքներ և մրցաշարքեր:
Մարիա Չաղլասյան (Հալեպի «Քրիստափոր» Գրադարանի հանձնախմբի անդամ) - Կը կազմակերպենք ընթերցանութեան և ուղղագրութեան մրցում հայկական բոլոր դպրոցներու միջնակարգի աշակերտութեան: Ուսումնական իւրաքանչիւր տարեշրջանի աւարտին դպրոցներուն կը բաժնենք մեր մօտ գտնուող գիրքերու ցանկը, որպէսզի ամառը ընթերցեն»:
Վերջին տասնամեակին գրադարանի գրքացանկը համակարգչային ձևաչափ ստացած է` դիւրացնելով պահանջուած մատեանի որոնման աշխատանքը: Գրադարանի վարչութեան յառաջիկայ ծրագիրը գիրքերու թուայնացումն է:
Ալին Քյուրիմլյան - Առայժմ կ՛աշխատինք թուայնացնել գրադարանի գիրքերը, որպէսզի անոնք հասնին աւելի մեծ թիւով մարդոց:
Աւելի քան հարիւր տարուան պատմութիւն ունեցող գրադարանի պատասխանատուները կը հաստատեն, որ համացանցի լայնատարած գործածութեան հանդերձ` տակաւին գիրք ընթերցողներ կան: Տարբեր տարիքի հայորդիներ կը շարունակեն օգտուիլ գիրքերու և մամուլի հաւաքածոյէն: Գրադարանը կ՛աշխուժանայ յատկապէս ուսումնական տարեշրջաններու ընթացքին, երբ հայերէնաւանդ ուսուցիչներ ընթերցանութեան յանձնարարութիւններ կը կատարեն:
Սաքո Չալօղլյան (Հալեպի «Քրիստափոր» Գրադարանի հանձնախմբի անդամ) - Հալէպի Քրիստափոր գրադարանը տակաւին կը շարունակէ, դռները միշտ բաց են, կ՛ակնկալենք որ մեզի ուղարկեն իրենց նոր տպագրուած գիրքերը Լիբանանի կամ Հայաստանի ճամբով:
1992-ին, գրադարանի 90 ամեակին առթիւ, վարչութեան կողմէ պատրաստուած է պղնձեայ օրացոյց մը, որ կարելի է օգտագործել ամբողջ դար մը 1992-2192: