Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետին նախաձեռնութեամբ, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, Չորեքշաբթի, 14 Սեպտեմբեր 2022-ի գիշերը, տեղի ունեցաւ խորհրդակցական նիստ, որուն մասնակցեցան համասփիւռքեան-համահայկական գործունէութիւն ունեցող եկեղեցական, ազգային, կուսակցական և միութենական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները։
Նիստին միակ օրակարգն էր Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ Ազրպէյճանի սանձազերծած յարձակումին պատճառով ստեղծուած կացութեան քննարկումը և Սփիւռքի մէջ գործող հայկական կազմակերպութիւններու աշխատանքներուն ուղենիշներ ճշդելը։
Խորհրդակցական հանդիպման բացման նիստին Կաթողիկոսարանի Տեղեկատուական Բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Բանճարճեան ընթերցեց Վեհափառ Հայրապետին հրապարակած կոչը՝ Հայաստանի դէմ Ազրպէյճանի սանձազերծած յարձակման առիթով։
Նորին Ս. Օծութեան նախաձեռնութիւնը ողջունեցին հայ կաթողիկէ համայնքապետ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Հոգևոր Տէրը և աւետարանական համայնքի ներկայացուցիչ վերապատուելին, երեք կուսակցութիւններու և միութիւններու համասփիւռքեան կառոյցներու ներկայացուցիչները՝ շեշտելով նման ձևաչափով խորհրդակցութիւններու անհրաժեշտութիւնը։
Անոնք ընդգծեցին նման պայմաններու մէջ հարցերը միասնականօրէն քննարկելու և համակարգուած աշխատելու կարևորութիւնը։ Նիստի ընթացքին ներկայացուեցան զեկուցումներ ռմբակոծուող տարածքներուն, թշնամիին կողմէ թիրախ դարձած աշխարհագրական գօտիին, հայոց բանակի դիմադրութեան, միջազգային արձագանգումին և ռազմական գործողութիւններով Ազրպէյճանի հետապնդած նպատակներուն մասին։
Քննարկելէ ետք ստեղծուած իրավիճակին պատերազմական, քաղաքական և դիւանագիտական ուղղութիւնները, նիստը հաստատեց․
Ա) Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքներուն դէմ Ազրպէյճանի նախաձեռնած լայնածաւալ յարձակումը մէկ օղակն է Պաքուի յարձակողապաշտութեան։ Ազրպէյճանը այս ձևով պատերազմը Արցախեան տարածքներէն կը տեղափոխէ դէպի Հայաստանեան տարածքներ՝ խախտելով միջազգային օրէնքներն ու Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութիւնը։
Բ) Ձեռնարկելով զինուորական գործողութիւններու, Պաքուն կը մերժէ խաղաղ բանակցութիւններով հարցերը լուծելու ընտրանքը և կը տապալէ բանակցային գործընթացը։
Գ) Այս պայմաններուն մէջ մեզի կը մնայ ձեռնարկել համաժողովրդային պայքարի՝ ընդդէմ ազրպէյճանական յարձակումներուն։ Համաժողովրդային պայքարը պիտի ներառնէ Հայաստանի և Արցախի հանրապետութիւններն ու Սփիւռքը։
Դ) Մեր հայրենիքի դիմագրաւած այս վտանգաւոր իրադարձութիւններուն դիմաց խիստ հրամայական կը դառնայ համազգային միասնականութիւնը։ Մեր բոլո՛ր՝ եկեղեցական, ազգային, կուսակցական և միութենական կառոյցները իրենց առաջնահերթ օրակարգին պէտք է վերածեն մեր հայրենիքի տարածքային ամբողջականութեան պահպանումն ու մեր սահմաններուն անսասանելիութիւնը։
Ե) Ամբողջական զօրակցութիւն յայտնել թշնամիին ներթափանցումներուն դէմ մաքառող հայ բանակին և քննել գործնապէս հայկական զինեալ ոյժերուն սատար կանգնելու հնարաւորութիւնները։
Զ) Մեր միասնական ու համակարգուած աշխատանքը, անկոտրում կամքը և հայկական աշխարհի մէջ ծաւալելիք համազգային դիմադրութիւնը կրնայ դէմ դնել թշնամիին և ձախողցնել մեր հայրենիքին սպառնացող անոր ծրագիրները։
Է) Մեր աշխարհատարած կառոյցները ցուցական, քաղաքական, քարոզչական և դիւանագիտական ուղղութիւններով պարտին լծուիլ համազգային և համաժողովրդային դիմադրութեան՝ փրկելու համար մեր հայրենիքը։
Ը) Վեհափառ Հայրապետին թելադրանքներէն մղուած կազմել համասփիւռքեան-համահայկական կառոյցներու ներկայացուցիչները համախմբող միացեալ խորհուրդ՝ հակաճգնաժամային ծրագիրներ մշակելու և միասնական համազգային աշխատանքներ իրականացելու համար։