Այս պահուն Հայաստանի և Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչներու հանդիպման վերաբերեալ որևէ պայմանաւորուածութիւն չկայ. Վահան Յունանեան:
Ռուսաստանը, Հայաստանը և Ատրպէյճանը բարձր մակարդակի եռակողմ շփումներ կը նախապատրաստեն մինչև Օգոստոսի վերջ. Նեչաև:
Լաչինի միջանցքի շուրջ իրավիճակը պէտք է կարգաւորուի 2020 թ. Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեան համապատասխան. Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւն:
Լաթուիոյ խորհրդարանը Ռուսաստանը «ահաբեկչութիւնը հովանաւորող պետութիւն ճանչցաւ:
Լաթուիոյ քաղաքականութիւնը կառուցուած է «այլատեացութեան» վրայ. Զախարովան՝ Ռուսաստանը «ահաբեկչութեան հովանաւորող» ճանչնալու որոշումի մասին:
Ռազմական գործողութիւններու աւարտը կախուած է նաև Ռուսաստանի մարդկային կորուստներէն. Զելենսքի:
Շատ մը երկիրներ հակառուսական պատժամիջոցներու հարցով խելամտութեան սահմանները կ՛անցնին, բայց Ռուսաստանի գոյութիւնը չի կարելի անտեսել, քանի որ այդ հնարաւոր չէ. Փեսքով:
Չինաստանը Թայուանի նեղուցին զորավարժութիւններու աւարտի մասին յայտարարեց:
Թայուան Չինաստանի «մէկ երկիր, երկու համակարգ» տեսակը մերժած է:
Հեղինակ՝ Անի Զէյթունցեան