Հայաստանի վարչապետն ու Իրանի նախագահը միտքեր փոխանակած են հայ-ատրպէյճանական սահմանի սահմանազատման աշխատանքներու, Լեռնային Ղարաբաղի հարցի կարգաւորման ընթացքի վերաբերեալ:
Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց ունեցած է Իրաքլի Ղարիպաշվիլիին հետ. պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է յառաջիկային երկկողմ հանդիպում կազմակերպել:
Միջանցքային տրամաբանութեամբ քննարկում չէ եղած, Ատրպէյճան բանակցութիւններուն չհամապատասխանող յայտարարութիւններ կ՛ընէ. Գրիգորեան:
Ատրպէյճանի մէջ 44-օրեայ պատերազմի խումբ մը մասնակիցներ ներխուժած են նախարարութեան շէնք:
Ուաշինկթոն Թուրքիոյ միջնորդութեամբ ռուս-ուքրանական շփումներուն յառաջխաղացում չակնկալեր:
Քիև վստահեցուցած է Ուաշինկթոնին, որ չի թիրախաւորեր Ռուսաստանի տարածքը. Փենթակոն:
Ամերիկան Ուքրանիոյ պիտի տրամադրէ 700 միլիոն տոլարի ռազմական աջակցութեան նոր փաթեթ:
Մերձդնեստրի արտաքին գործոց նախարարը կոչ ըրած է ճանչնալ երկրի անկախութիւնը:
Ուաշինկթոն պէտք է դադրեցնէ Թայուանի հետ պաշտօնական շփումները. Չինաստանի ԱԳՆ:
Ամերիկայի Օքլահոմա նահանգին մէջ հրաձգութեան հետևանքով կան զոհեր:
Հեղինակ՝ Անի Զէյթունցեան