Հայոց ցեղասպանութեան վերապրած հայորդիներու զաւակները, մէկուկէս միլիոն նահատակներու կտակին հարազատ ժառանգորդները ազգային բարձր գիտակցութեամբ ոգեկոչեցին Հայոց ցեղասպանութեան 107 ամեակը պահանջատիրական քայլարշաւով մը, որ տեղի ունեցաւ կիրակի, 24 ապրիլ 2022ին առաւօտեան։ Պահանջատէր լիբանանահայութիւնը, ազգային իր կուսակցութիւններուն, միութիւններուն և յարանուանական պատասխանատուներուն առաջնորդութեամբ, վճռակամ շարքերով քալեց Պուրճ Համուտէն Անթիլիասի մայրավանք։ Այս քայլարշաւով ու Մեծ Եղեռնի ոգեկոչման տարբեր ձեռնարկներով լիբանանահայութիւնը վերանորոգեց իր ուխտը շարունակելու մեր արդար իրաւունքներու վերատիրացման պայքարը հաւաքական կամքով։ Խուռներամ բազմութիւնը քալեց եռագոյն դրօշներով ու պահանջատիրական պաստարներով շեփորախումբերու հնչեցուցած նուագին ներքոյ։
Հպարտ ու սէգ ճակատներով կողք֊կողքի քալեցին հոգևորականն ու տարեցը, կինն ու պատանին, երիտասարդ ու մանուկը՝ հայերէն, արաբերէն և անգլերէն լեզուներով գրուած պաստարները բարձրաձայնեցին իրենց խօսքը։
Քայլարշաւէն ետք Անթիլիասի կաթողիկոսարանին մէջ խօսք առաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը։ Ան ըսաւ որ մենք հաւատարիմ ենք մեր նահատակներու սրբազան կտակին և այսօր մարտահրաւէրներու առաջ կը գտնուի մեր ազգը։ Ան հայրական կոչ ուղղեց միասնականութեան, խոհեմութեան ըսելով թէ Հայաստանի, Արցախի և Սփիւռքի մէջ հարկ է համախմբուիլ մեր ազգին ու հայրենիքին շահերուն և արժէքներուն շուրջ ինչ ալ ըլլան մեզ իրարմէ հեռացնող պատճառները և մեզ շրջապատող վտանգները։ Հայութիւնն ու Հայաստանը ամէն բանէ վեր են ոչ թէ սոսկ խօսքով այլ գործով ու ամբողջական յանձնառութեամբ ըսաւ ան։
Վեհափառ հայրապետը շեշտեց, որ Արցախահայութեան կողքին է և հարկ է մեր ազգին ողջ մարդուժը համախմբել ու գործի մղել բոլոր բնագաւառներէն ներս՝ ներքին թէ արտաքին ճակատներու վրայ։
Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին խօսքէն ետք տարբեր կազմակերպութիւններ ծաղկեպսակ զետեղեցին Անթիլիասի մայրավանքի շրջափակին մէջ գտնուող Եղեռնի զոհերու մատրան առջև։ Ազատ, անկախ և միացեալ Հայաստանի կերտումը մեր պապերուն կտակն է, մեր պարտքն է և ամենայն յանձնառութեամբ զայն իրագործելու ճանապարհը կը բռնենք։
Հեղինակ՝ Փաթիլ Մկրտիչյան