Կազի մատակարարումը վերսկսած է Հայաստանէն Արցախ մտնող միակ կազատարով:
Կ՛ակնկալենք ատրպէյճանական զինուժի վերադարձը ելման դիրքեր. Արցախի Ազգային ժողովի յայտարարութիւնը:
Հայաստան առաջարկած է Ատրպէյճանին անյապաղ բանակցութիւններ սկսիլ խաղաղութեան պայմանագրի կնքման շուրջ. Ալէն Սիմոնեանը՝ Ատրպէյճանի Միլլի Մեճլիսի նախագահին:
Ռուսաստան կ՛ակնկալէ, որ Ղարաբաղի իրավիճակը կարգաւորուի Նոյեմբեր 9ի եռակողմ յայտարարութեան հիման վրայ. Ռուտենքօ:
Յանձնարարուած է ժամանակաւոր կացարաններով ապահովել Խրամորթէն և Փառուխէն տարհանուած կարիքաւոր ընտանիքները. Արտակ Բեգլարեան:
Ուքրանիան պատրաստ է հրաժարիլ Ղրիմը և Տոնպասը զէնքով վերադարձնելէն․ Մետինսքի:
Ուքրանիոյ մէջ յատուկ գործողութեան առաջին փուլի հիմնական խնդիրները կատարուած են. Շոյկու:
Չկայ վճարում՝ չկայ կազ. Փեսքով՝ կազի դիմաց ռուպլիով վճարման անհամաձայնութիւններու մասին:
Միացեալ Նահանգները Փութինի պաշտօնանկութեան հասնելու քաղաքականութիւն չի վարեր. Պայտըն:
Հայաստանի մէջ արձանագրուած է քորոնայի հիւանդութեան 16 նոր դէպք, առողջացած է 34, մահացած 1 անձ:
Հեղինակ՝ Անի Զէյթունցեան