Ատրպէյճանի ուղղակի միջամտութեան հետևանքով Արցախի մէջ կազի մատակարարումը դարձեալ դադրեցուած է:
Արցախի մէջ մարդասիրական ճգնաժամը կը շարունակուի. Հայաստանի և Արցախի մարդկային իրաւունքներու պաշտպանները միջազգային կազմակերպութիւններուն կոչ ըրած են ճնշում գործադրել Ատրպէյճանի վրայ:
Նիկոլ Փաշինեան ցաւակցական հեռագիր յղած է Չինաստանի վարչապետին օդանաւի կործանման կապակցութեամբ:
Վլատիմիր Փութինի հետ պատրաստ եմ քննարկելու Ղրիմի և Տոնպասի հարցը. Զելենսքի:
Ուաշինկթըն չի պատրաստուիր զօրք ուղարկել Ուքրանիա. Սպիտակ տուն:
Արևմուտքի հետ նախկին յարաբերութիւններուն չենք կրնար վերադառնալ. Ռիապքով:
Ռուսաստանի և Ուքրանիոյ բանակցողները խաղաղութեան փաստաթուղթը չեն քննարկեր, մինչև չմշակուին փոխզիջումային դիրքորոշումներ. Փոտոլիաք:
Եւրամիութեան մէջ քննարկուած է Ռուսաստանէն քարիւղի ներմուծման դէմ սահմանափակումներու կարելիութիւնը:
Չինաստան Միացեալ Նահանգներուն սպառնացած է փոխադարձ պատժամիջոցներով:
Հայաստանի մէջ արձանագրուած է քորոնայի հիւանդութեան 26 նոր դէպք: Առողջացած է 99, մահացած՝ 3 անձ:
Անի Զէյթունցեան