Անթալիայի դիւանագիտական հաւաքին տեղի ունեցաւ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարար Արարատ Միրզոյեանի և Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց նախարար Մևլութ Չաւուշօղլուի հանդիպումը:
Միրզոյեան Պորելի ուշադրութիւնը հրաւիրած է Արցախի բնակչութեան հանդէպ հոգեբանական ճնշումներ գործադրելու՝ Ատրպէյճանի փորձերուն:
Մարտ 12-ի գիշեր Ատրպէյճանը տարբեր ուղղութիւններով խախտած է հրադադարը հրաձգային զինատեսակներու կիրառմամբ. Արցախի Պաշտպանութեան բանակ:
Ատրպէյճան կը շարունակէ մարդկութեան դէմ իր ոճիրը և կը ցանկայ արտաքսել արցախցիները. Բեգլարեան:
Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ լարուածութիւնը կ՛աւելնայ, երբ բոլորին ուշադրութիւնը կեդրոնացած է Ուքրանիոյ վրայ. ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի նախկին համանախագահ:
Շոլց և Մաքրոն Փութինի հետ զրոյցին ընդգծած են Ուքրանիոյ մէջ կրակը դադրեցնելու և դիւանագիտական լուծում գտնելու անհրաժեշտութիւնը:
Ուաշինկթըն նոր սահմանափակումներ կը կիրառէ Մոսկուայի դէմ, սակայն ռազմական գործողություններ չի ձեռնարկեր. Պայտըն:
ՆԱԹՕ-ն զօրավարժութիւն ներ կը կատարէ Ռուսաստանի սահմանին քով:
Հաստատուած է 111 նոր դէպք, ապաքինուած է 282, մահացած՝ 2 անձ:
Հեղինակ՝ Անի Զէյթունցեան