Կողմ ենք Թուրքիոյ հետ առանց նախապայմաններու յարաբերութիւններու հաստատման և սահմաններու բացման. Յակոբ Արշակեան:
Սա միակ դէպքն է, երբ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթաց կը սկսի, և այդ գործընթացի առաջին իսկ կէտը հրապարակային է. Ռուբէն Ռուբինեան:
Հայաստանի Զինուած ուժերու պետ Արտակ Դաւթեանը կարևոր նկատեց զինուորական կարգապահութեան ամրապնդման ուղղութեամբ տարուող աշխատանքները:
Փեսքովը չի բացառեր Միացեալ Նահանգներու հետ բոլոր կապերու խզումը՝ Ռուսաստանի դէմ պատժամիջոցներու կիրառման պարագային:
ՀԱՊԿ խաղաղապահներու ժամանումը Ղազախստան սթափեցուց որոշ «տաքգլուխները». Զաս:
Ղազախստանի մէջ պաշտօններէն կը հեռանան նախկին նախագահ Նազարպաևի կողմնակիցներն ու ազգականները:
Ամերիկայի Թեքսաս նահանգի հրէաներու կեդրոններէն մեկուն պատանդները ազատ արձակուած են, ահաբեկիչը սպաննուած է:
Twitter-ը ընդմիշտ արգելափակեց Այաթոլլա Խամէնէի էջերէն մէկը. պատճառը Ամերիկայի նախկին նախագահ Տոնալտ Թրամփի սպանութեան պատկերներն է:
Հայաստանի մէջ հաստատուած է քորոնայի հիւնադութեան 168 նոր դէպք: Առողջացած է 46 մահացած 1 անձ:
Հեղինակ՝ Անի Զէյթունցեան