Հակառակ կենցաղային բաւական ծանր պայմաններուն հալէպահայութիւնը կը ջանայ մոռացութեան մատնել զինք շրջապատող դժուարութիւնները և տօնական մթնոլորտ ստեղծել:
Խաչիկ Խաչերեան (Ս. Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցու քարտուղար) - Այո, դժուար պայմաններ կան բայց Հալէպի գաղութը այս դժուար պայմաններէն առաջ եկաւ, կը գոյատևենք և այս աւանդութիւնները կը շարունակենք և պիտի պահենք։
Հալէպի տարածքի մեծ բաժինը զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներէ ազատագրուելէ ետք` երկրի իրարայաջորդ կառավարութիւնները կը փորձեն, հնարաւորութեան ընձեռած սահմաններուն մէջ, վերականգնել քաղաքի ենթակառոյցները, սակայն քաղաքական թէ տնտեսական բազմաթիւ պատճառներ արգելք կը հանդիսանան մշակուած ծրագիրները ի գործ դրուելու, արդիւնքով քաղաքացիներու կենցաղային ամենատարրական կարիքներն անգամ ապահովելու դժուարութեան դէմ յանդիման կը գտնուին պետական կառոյցները:
Տ. Խորէն քահանայ Պերթիզլեան - Հալէպահայերս վարժ եղանք կեանքի դժնդակ պայմաներուն մշտական կերպով յուսալ և Աստուծմէ բարիք ակնկալել, կեանքի ամէն մակարդակներու վրայ դժուարութիւններ կը կրենք, բսյց հակառակ անոր տակաւին կը շարունակենք ապրիլ յոյսով, տոկալով, այս մէկը հալէպահայ գաղութի գոյատևման գաղտնիքն է։
Հալէպահայութիւնը զանազան հնարքներով յաջողած է գլխուն ճարին նայիլ և առիթ չտալ որպէսզի այս դժուարութիւնները խոչընդոտեն Ս. Ծննդեան տօնի իր ուրախութիւնը:
Շահէն Շահինեան (Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցու պատասխանատու մարմնի ներկայացուցիչ) - Մենք Հալէպի մէջ կը տոկանք և դեռ պիտի շարունակենք, մենք ընելիք գործ ունինք, հոս մնացինք և ընելիք գործը ունինք։
Հալէպահայ գաղութը հայկական բարքերն ու սովորութիւնները պահող ու սերունդէ սերունդ աւանդող գաղութներէն է: Նոր տարուան առաջին օրը հալէպահայ ցանկացած տան ճաշասեղանին մածունով կոլոլակ կարելի է տեսնել, իսկ խթման գիշերը՝ ձուկ:
Կարինէ Հաւանչեան - Սրտագին մաղթանքներս բոլոր հայութեան, թող ըլլայ բարի զատիկ։ Բոլորիս համար թող ըլլայ յաղթական տարի, թող ըլլայ հայոց աշխարհքիս համար խաղաղութեան տարի։
Լիզա Կարամանուկեան - Կը մաղթեմ առողջութիւն առաջին հերթին, խաղաղութիւն աշխարհին և սէր, հաւատանք որ օր մը պիտի լաւանանք, հիմա անշուշտ որ շատ դժուարութիւն ունինք բայց կը յուսանք որ աւելի լաւ պիտի ըլլանք։
Երկրի վարչապետը անցնող օրերուն տարբեր առիթներով խրախուսեց քաղաքացիները խոստանալով յաղթահարել ներքին թէ արտաքին մարտահրաւէրները և բարեկեցիկ կեանք ապահովել ժողովուրդին:
Հալէպահայերը յոյսով են, որ յառաջիկայ զատկին կ՛ունենան ելեքտրականութիւն և վառելանիւթ, հետևաբար լուսաւոր և տաքուկ բնակարաններու մէջ կը դիմաւորեն Ս. Ծնունդը: