Սեպտեմբեր 21-ին Հայաստան կը նշէ անկախութեան 30-րդ տարեդարձը։
Վարչապետը յարգանքի տուրք մատուցեց յանուն Հայրենիքի անկախութեան զոհուածներու յիշատակին։
Պատրաստ ենք շարունակելու աջակցութիւնը հայ ժողովուրդին՝ ժողովրդավարական ուղիով. Ճօ Պայտընի շնորհաւորական ուղերձը՝ Փաշինեանին։
Ռուս-հայկական յարաբերութիւնները բարեկամական, դաշնակցային բնոյթի են, նշուած է Վլատիմիր Պութինի շնորհաւորական ուղերձին մէջ։
Ջանք չենք խնայելու ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան շրջանակներուն մէջ հակամարտութեան տևական լուծում գտնելու համար. Էմանուէլ Մաքրոնի շնորհաւորական ուղերձը։
Անշեղօրէն կը զարգանայ «մէկ գօտի, մէկ ճանապարհ» համատեղ շինարարութեան մէջ համագործակցութիւնը. Լի Քեցեան շնորհաւորեց Նիկոլ Փաշինեանը։
Կ՛աղոթեմ, որ օրհնուին բոլոր այն մարդոց ջանքերը, որոնք պատասխանատւութեամբ և լիարժէքօրէն կ՛աշխատին յանուն ժողովուրդի անվտանգութեան և բարգաւաճման. Ֆրանչիսկոս Պապի ուղերձը։
Օրուան քորոնայի թիւերը․ հաստատուած է հիւանդութեան 494 նոր դէպք: Առողջացած է 390, մահացած՝ 18 անձ:
Անի Զէյթունցեան