Հայաստանի Զինուած ուժերու ստորաբաժանումները գէթ մէկ կրակոց չեն արձակած ատրպէյճանական դիրքերու ուղղութեամբ. Պաշտպանութեան նախարարութեան պատասխանը՝ Ատրպէյճանին:
Հայաստանի ներկայացուցիչը Մարդու իրաւունքներու եվրոպական դատարանին մէջ կը յորդորէ զերծ մնալ հայ ռազմագերիներու խնդիրին վերաբերող հրապարակային քննարկումներէն:
Ատրպէյճանի մէջ նախորդ տարի օտարերկրեայ ուղղակի ներդրումները պակսած են 66%-ով:
Յուլիս 1-էն քաղաքացիները կրնան բջիջային յաւելուածով արձանագրել երթեւեկութեան կանոններու խախտումները:
Լոռիի մարզպետարանին մէջ ծեծկռտուքի գործով Օձունի համայնքապետը տուժող ճանչցուեցաւ:
Եվրոպայի խորհուրդը հաւանութիւն տուաւ Ուքրանիոյ, Հայաստանի, Թունիսի եւ Քաթարի հետ ստորագրել թռիչքային համաձայնագիր:
Օրուան քորոնայի թիւը. հաստատուած է հիւանդութեան 54 նոր դէպք: Առողջացած է 87, մահացած՝ 3 անձ:
Հեղինակ՝ Անի Զէյթունցեան