Հայ-ռուսական փոխգործակցութիւնը վստահօրէն կը զարգանայ բոլոր ուղղութիւններով․ Ռուսաստանի օրուան առիթով Հայաստանի նախագահն ու վարչապետի պաշտօնակատարը շնորհաւորական ուղերձներ յղած են:
Ռուսաստան եղած է, կայ եւ պիտի ըլլայ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի հետ եւ՛ դժբախտութեան, եւ՛ ուրախութեան պահերուն. յայտնած է Սերգեյ Կոպիրկին:
ՄԱԿ-ի Զարգացման ծրագիրը Հայաստանին 2021-2025 թուականներուն համար կը տրամադրէ 75 մլն տոլար:
Ավստրալիոյ իշխանութիւնները կ՛ուսումնասիրեն Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը. Մարիս Փէյնն անդրադարձած է Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ կառավարութեան դիրքորոշման:
Եվրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան նախագահը կոչ ըրած է վերսկսիլ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ բանակցութիւնները:
Ամերիկացի քոնկրէսականները Պայտըն-Էրտողան հանդիպման նախաշեմին Միացեալ նահանգներուն կոչ ըրած են պատժամիջոցներ կիրառել Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի նկատմամբ:
Հեղինակ՝ Անի Զէյթունցեան