Յուլիս 1-էն Երեւանի, Կիւմրիի եւ Վանաձորի մէջ կենսաթոշակը կը վճարուի անկանխիկ եղանակով. Կառավարութիւնը նախագիծ ընդունեց։
Մինչեւ անյայտ կորսուած զինծառայողի կարգավիճակի յստակեցումը ընտանիքի անդամները աջակցութիւն կը ստանան 9 ամիս ժամկէտով։
Մարդու իրաւունքներու եվրոպական դատարանը բաւարարեց վեց զինծառայողներուն հիմնարար իրաւունքներու պաշտպանութեան մասին Հայաստանի դիմումը, իսկ Ատրպէյճանինը՝ մերժեց։
Վարանտայի եւ Ջրականի շրջաններուն աճիւններու որոնողական աշխատանքները կը շարունակուին։
Արտաքին գործոց նախարարութիւնը բոլոր քննարկումներէն տեղեակ եղած է. Տիգրան Աւինեան:
Իրանի միջուկային բանակցութիւններու հինգերորդ փուլի աւարտին Ամերիկայի 1500 պատժամիջոցներէն 500-ը չեն կասեցուիր։
Հաստատուած է քորոնայի հիւանդութեան 76 նոր դէպք: Ունինք 167 առողջացած եւ մահուան 4 դէպք:
Հեղինակ՝ Անի Զէյթունցեան