Սուրիոյ խորհրդարանի անդամ` դոկտ. Լուսի Իսկէնեանը, 2020-ին ընտրուած խորհրդարանի մէջ ստանձնած է Հայաստան-Սուրիա յանձնաժողովի նախագահութիւնը եւ իր աշխատակիցներուն հետ կը ծրագրէ զարգացնել Հայաստան-Սուրիա յարաբերութիւնները` յատկապէս կրթական եւ տնտեսական բնագաւառներու մէջ:
Լուսի Իսկենյան (Սիրիայի խորհրդարանի Հայաստան-Սիրիա բարեկամական խմբի նախագահ) - Շատ մեծ փափաք կայ, որ օգտակար դառնայ Հայաստանը մանաւանդ սուրիացի աշակերտներուն, որ scholarship ստանան հոնկէ: Խօսեցանք դեսպանին հետ այս նիւթի մասին եւ եղաւ բաւական է պատասխան կը սպասենք իրմէ:
Սուրիացի ուսանողները Հայաստանի մէջ ուսում ստանալու նպատակէն անդին` հայ պատգամաւորը այս ծրագրի օգտակարութիւնը նաեւ այլ դիտանկիւնէ մէջ կը տեսնէ:
Լուսի Իսկենյան - Սուրիայի աշակերտները երթան նախ Հայաստանի ծանօթանան, ուսումէն օգտուին, ժողովուրդի պատմութիւնը գիտնան եւ փոխանցեն: Պէտք է ծանօթացնենք արաբական աշխարհը հայ պատմութեան, հայ մշակոյթին:
Դոկտ. Իսկէնեանը տեղեկացուց, որ Սուրիոյ առեւտրական գրասենեակը փափագ յայտնած է Հայաստանի համապատասխան մարմիններու հետ յարաբերութիւններ մշակելու եւ համագործակցութեան ուղիներ գծելու:
Լուսի Իսկենյան - Commerce office կ՚ուզէ յարաբերութիւն հաստատել խոր ձեւով Հայաստանի հետ, բայց անիկա անշուշտ մէկ կողմով չ՚ըլլար, մենք կ՚ուզենք Հայաստանի խորհրդարանը աւելի օգտակար դառնայ: Ես ասկէ առաջ խօսած եմ բայց մինչեւ հիմա որեւէ պատասխան չառի: Շատ մեծ յոյս ունինք, որ դրական կեցուածք պիտի ունենան եւ յառաջանան այս կապերը:
Լուսի Իսկենյան - Կը կարծեմ, որ եկող օրերը Սուրիայի մէջ շատ լաւ պիտի ըլլայ, լաւ ապագայ կայ, հիմակուընէ արդէն լաւ նշաններ եւ տուեալներ կը տեսնենք: Կը փափագիմ, որ բոլորը օգտուին այս վիճակէն: Հին օրերը անցան եւ շատ մեծ յոյսով ենք, որ Աստուծոյ հրամանով, եկող օրերը աւելի լաւ պիտի ըլլան: Սուրիահայերը առաջին մարդիկն են, որ իրաւունք ունին այս նոր վիճակէն օգտուելու, շատ զոհուեցան Սուրիայի եւ Հայաստանի համար, իրաւունք ունին իրենց այս զոհողութիւններու պտուղը քաղելու:
Սուրիահայութեան համար Սուրիոյ իրավիճակի բարեփոխումը նոյնքան կարեւոր է, որքան Հայաստանի կացութեան բարելաւումը: