Սիւնիքի եւ Գեղարքունիքի ամբողջ բնագիծերով իրադրութիւնը լիարժէք վերահսկուած է հայկական Զինուած ուժերուն կողմէ. Պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնեց, որ իրադրութեան փոփոխութիւններ չկան:
Ամերիկեան կողմը անընդունելի կը համարէ Հայաստանի սահմանէն ներս ատրպէյճանական ուժերուն կատարած գործողութիւնները. Փաշինեանի հետ հարցազրոյցին յայտնեց Ամերիկայի նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճէյք Սալիվան:
Եկեղեցւոյ գմբէթները «վերականգնման» անուան տակ հանուած են՝ առանց հոգեւոր համայնքի մասնակցութեան. Կրօնական միջազգային ազատութեան Ամերիկայի յանձնաժողովը մտահոգութիւն յայտնած է սուրբ Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ վիճակով:
Ավստրալացի քաղաքական գործիչը երկրի կառավարութեան կոչ ըրած է ճանչնալ հայերու, յոյներու եւ ասորիներու ցեղասպանութիւնը:
Երեւանի նախկին քաղաքապետ, փոխադրութեան եւ կապի նախկին նախարար Գագիկ Բեգլարեան ձերբակալուած եւ 50 միլիոն գրաւի դիմաց ազատ արձակուած է:
Օրուան քորոնաթիւը 212 է, առողջացած՝ 323, մահացած 13 անձ:
Հեղինակ՝ Անի Զէյթունցեան