Հակառակ Սուրիոյ ապրած տնտեսական ծանր պայմաններուն եւ առօրեայ կենցաղային ճնշող խնդիրներուն, Հալէպի մշակութային կեանքը գերազանցապէս աշխոյժ է: Պարախումբեր, երգչախումբեր, թատերական ներկայացումներ, երաժշտական համոյթներ, գրական հանդէսներ, ասմունքի եւ ծիծաղի երեկոյներ կը խանդավառեն հալէապահայոց կեանքը 2011-ի պատերազմէն ետք թէեւ փոքրացաւ հալէպահայ համայնքը, սակայն մշակութային կեանքը չխամրեցաւ: Այսօր հալէպահայ համայնքին մէջ կը գործեն վեց պարախումբեր:
Կրթասիրաց Մշակութային Միութեան 2013-էն ի վեր գործող «ՇՈՂ» պարախումբը արդէն պարարուեստի դպրոցի հանգամանք ստացած է եւ անոր պարուսոյցը ամենայն բծախնդրութեամբ կը հետեւի մշակոյթի աւանդման գործին£
Մեղրի Աթաշյան-Չոքարյան («Շող» պարի դպրոցի գեղարվեստական ղեկավար) - Չեմ բաւարարուիր միայն երգն ու ձեւերը դնելով, այլ աշակերտներուն ժամանակ կը տրամադրեմ, որպէսզի այդ մշակոյթը որ կու տամ մանրամասն բացատրեմ՝ դիրքերը, ձեւերը:
Ժոելը, որ մանկուց Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան 2003-ին հիմնադրուած «Անդրանիկ» պարախումբի անդամ էր, այսօր ստանձնած է նոյն միութեան 2006-ին կազմուած «Փունջ» պարախումբի ղեկավարութիւնը, որ Հալէպի այսօրուան ապրած դժուար պայմաններուն մէջ կրկին բեմ բարձրացաւ»:
Ժոել Տիգ («Փունջ» պարարվեստի դպրոցի պարուսույց) - Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը մեր դժուար պայմաններուն մէջ մեզի ապահովեց բոլոր կարիքները: Մեր վերջին ելոյթը շատ լաւ ընդունելութիւն գտաւ:
Վրէժին համար պատանեկան օրերէն երազ էր Համազգայինի «Սարդարապատ» պարախումբին անդամ դառնալը Վրէժը ոչ միային անդամակցեցաւ աւելի քան յիսուն տարուան կեանք ունեցող Համազգայինի «Սարդարապատ» պարախումբին, այլեւ դարձաւ անոր պարուսոյցը եւ աւելի ուշ՝ 2013-ին, իր տիկնոջ՝ Նանոր Քիւրիմլեանին հետ, հիմնեց իր պարային խումբը եւ անուանեց զայն «Գառնի»:
Վրեժ Թերզյան («Գառնի», «Շուշի» և «Սարդարապատ» խմբերի պարուսույց) - Շատ դժուար պայմաններով սկսանք եւ հսկայ ծախսով, առաւել sponser միութիւն մը չունէի, մինակս էի, բայց օգնութիւն մը ունէի վարդապետ Հայր Յովսէփ Պեզէեանէն, որ հիմա Յունաստանի մէջ գերապայծառ է՝ Առաջին ելոյթը «Գառնի» պարախումբի ուզեցի հայկական պատմութիւն ընել՝ Մեծն Տիգրանի կեանքը պարերով»:
Հալէպի մէջ կը գործեն Զուարթնոց, Սպենթիարեան, Նարեկացի եւ Մեսրոպ Մաշտոց երգչախումբերը:
52 տարուան պատմութիւն ունեցող Համազգային §Զուարթնոց¦ երգչախումբի վերջին եօթ տարիներու խմբավար եւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Ուսումնական Խորհուրդի 48 տարուան պատմութիւն ունեցող «Մեսրոպ Մաշտոց» աշակերտական երգչախումբի 30 տարուան ղեկավարª Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեանը, տարիներ առաջ հայրենիքէն փոխադրուեցաւ Հալէպ եւ քաղաքի ապրած ահաւոր պատերազմին հանդերձ որոշեց մնալ:
Գայանե Սիմոնյան-Տերյան («Զվարթնոց» և «Մեսրոպ Մաշտոց» երգչախմբերի գեղարվեստական ղեկավար) - Հակառակ, որ պայմանները շատ դժուար են, լինի դա կենցաղային կամ ապրելու հետ կապուած դժուարութիւններ՝ երգչախումբը միշտ տոկուն եւ պատնէշի վրայ մնաց: Արուեստի ուժը մեզ փրկեց այդ ծանր պայմաններից:
67 տարիներէ ի վեր Հալէպի մէջ կը գործէ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան «Սպենդիարեան» երգչախումբը, որուն ղեկավարութիւնը 9 տարիէ ի վեր ստանձնած է տոքթ. Սարգիս Իսկէնեանը, ան կը ղեկավարէ նաեւ Ս.Աստուածածին եկեղեցւոյ դպրաց դասը եւ «Կոմիտասի անուան սենեակային նուագախումբը»:
Սարգիս Իսկենյան («Սպենդիարյան» երգչախմբի ղեկավար) - Հալէպի մշակութային կեանքին մէջ մեծ դեր խաղցած են մեր մշակութային միութիւնները, բնականաբար «Սպենդիարեան» երգչախումբի պարագային Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութիւնը շատ մեծ զոհողութիւններու գինով փորձած է պահել այս երգչախումբը: Մենք երբ ելեքտրականութիւն չունէինք մենք ակումբին մէջ ելեքտրականութեամբ ապահովուած էինք, երբ տաք սենեակ պէտք էր ակումբին մէջ կար՝ մեր տուները չեղած ատեն»:
Ամիսներ առաջ տոքթ.Սարգիս Իսկէնեանը պարգեւատրուեցաւ Սուրիոյ մշակոյթի նախարարութեան կողմէ, որպէս վաստակաշատ խմբավար, իսկ «Սպենդիարեան» երգչախումբը ԱԼԱՏԻՅԷԹ Արաբական Հնագիտական Միութեան «ԽԷՐ ԱԼ ՏԻՆ ԱՍԱՏԻ» մշակոյթի պահապաններու մրցանակը ստացաւ£
Տարբեր ժամանակաշրջաններու մէջ Հալէպի մէջ գործած են նաեւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Կրօնական ժողովի՝ «Սաղմոս», Հայկական Բարգործական Ընդհանուր Միութեան՝ «Արգեակ», Կրթասիրաց Մշակութային Միութեան՝ «Առնօ Բաբաջանեան», Սուրիոյ Պատանեկան Միութեան՝ «Մեղրի», Քեսապի՝ «Կանթեղ» ու «Կիլիկիա», Լաթաքիոյ՝ «Նարեկ» եւ այլ երգչախումբեր:
Նշենք նաեւ, որ այս երգչախումբերու կողքին Հալէպի, Դամասկոսի, Լաթաքիոյ, Քեսապի եւ Ճեզիրէի շրջաններուն մէջ կը գործեն եկեղեցական երգչախումբեր, դպրաց դասեր:
Հետաքրքրական է հալէպահայոց կամքը, որ յուսաբեկում չի ճանչնար՝ Քաղաքական, ապահովական, տնտեսական, մարդուժի արտահոսքի, կենցաղային եւ դեռ այլ դժուարութիւններուն հանդերձ՝ հայ մշակոյթի գանձերով սերունդներ ջամբելու ռազմավարութիւնը կը մնայ առաջնային: