Սիւնիքի եւ Գեղարքունիքի սահմանային որոշ հատուածներուն իրականացուած ոտնձգութիւններէն յետոյ ստեղծուած իրադրութիւնը տակաւին չէ հանգուցալուծուած. Պաշտպանութեան նախարարութեան յայտարարութիւնը:
Բարձր կը գնահատենք միջազգային գործընկերներու կոչերը Ատրպէյճանին՝ Հայաստանի տարածքէն անյապաղ դուրս բերելու իր զինուած ստորաբաժանումները. Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակ։
Իրան պատրաստակամութիւն յայտնեց օգնել կողմերուն՝ խաղաղ ճանապարհով լուծելու հայ-ատրպէյճանական սահմանային խնդիրը:
Հրադադարի կարգը խաթարող եւ լարուածութիւնը սրող բոլոր գործողութիւնները պէտք է կասեցուին. արձագանքեց Գանատայի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը։
Ամերիկան պէտք է դատապարտէ միջազգային իրաւունքի խախտումը. Պրէտ Շըրմըն՝ Սիւնիքի դէպքերու մասին:
Սիւնիքի մէջ ձերբակալուած է 1 անձ, եւ 7 անձերու հանդէպ խափանման միջոց կիրառուած է ստորագրություն չհեռանալու մասին. Քննչական կոմիտէն մանրամասներ յայտնեց:
Մեծամօրի աթոմակայանին մէջ վերանորոգման պատճառով աշխատանքները կը դադարեցուին 141 օրով։
Հաստատուած է քորոնայի 282 նոր դէպք: Ունինք 636 առողջացած եւ մահուան 13 դէպք:
Հեղինակ՝ Անի Զէյթունցեան