Նիկոլ Փաշինեան այսօր պաշտօնապէս դիմած է ՀԱՊԿ Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի գործող նախագահին:
Փաշինեան Փութինին հետ հեռախօսազրոյցին տեղեկացուցած է Սիւնիքի մէջ ստեղծուած իրավիճակի մասին:
Արա Այվազեան եւ Ստանիսլաւ Զաս քննարկածեն Հայաստանի Հանրապետութեան պետական սահմանին ստեղծուած դրութիւնը:
Այն վայրերը, որ ներխուժած են ատրպէյճանցիները, կը գտնուին հայկական բանակի լիարժէք վերահսկողութեան տակ. Վաղարշակ Հարութիւնեան՝ ռուս գործընկերոջ:
Ատրպէյճան պէտք է յարգէ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը. սենաթոր Պոպ Մենենտէս՝ Ամերիկայի նախագահին:
Իսրայէլի եւ Գազայի հատուածին լարուածութիւնը կը պահպանուի, հրթիռակոծումը՝ կը շարունակուի:
Եվ օրուան քորոնայի թիւը՝ 230 է: Առողջացած է 712, մահացած՝ 10 անձ։