Ատրպէյճանական զինուժը, «սահմաններու ճշգրտում» ըսելով, փորձած է աշխատանք իրականացնել Սիւնիքի սահմանային հատուածին։ Հայկական ստորաբաժանումներու ձեռնարկած միջոցառումներէն ետք դադարեցուցած են այդ աշխատանքները։ Յայտնեց Պաշտպանութեան նախարարութիւնը:
Ազգային անվտանգութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Սիւնիքի իրադրութեան մասին լրատուամիջոցներով եւ ընկերային ցանցերուն վրայ տարածուող տեղեկութիւնները իրականութեան չեն համապատասխանիր:
Ազգային անվտանգութեան նախարարութիւնը աւարտած է բարձրաստիճան զինուորականին կողմէ պետական դաւաճանութեան գործի նախաքննութիւնը։
«Freedom House»-ը Ատրպէյճանին կոչ ըրած է հայ գերիներու մասին ամբողջական տեղեկութիւն տրամադրել՝ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան։
14 հազար «Sputnik-V» երկրորդ դեղաչափը արդէն հասած է Հայաստան:
Հայաստանի մէջ հաստատուած է թագաժահրի հիւանդութեան 354 նոր դէպք: Առողջացած է 403, մահացած՝ 16 անձ:
Անի Զէյթունցեան