Խորհրդարանը երկրորդ անգամ վարչապետ չընտրեց: Օրէնքի ուժով Ազգային ժողովը արձակուեցաւ: Խորհրդարանի արտահերթ ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան Յունիս 20-ին:
2018-ի համեմատութեամբ՝ ունինք 85 հազարէն աւելի աշխատատեղեր. 3 տարուան մէջ կառուցեր ենք այնքան ճանապարհ, որքան նախորդ 7 տարիներուն չէ կառուցուած. Փաշինեանը ամփոփեց իշխանութեան 3 տարիները։
44-օրեայ պատերազմի եւ բանակցային գործընթացի հանգամանքները պէտք է ենթարկուին ամբողջական քննութեան. Խորհրդարանին մէջ նշեց Փաշինեան:
Յետ-պատերազմեան շրջանին թաւիշը փրկեց մեզի քաղաքացիական պատերազմէն. Փաշինեան
Սադիկ Խանը կրկին յաղթեց Լոնտոնի քաղաքապետի ընտրութիւններուն։
Սեւանայ լիճի մակարդակը Մայիս 3-9-ը բարձրացած է 4 սանթիմեթրով :
Եւ օրուան քորոնայի թիւը վերջին շրջանին ամէնէն քիչն է. հաստատուած է 83 նոր դէպք, առողջացած է 622, մահացած՝ 15 քաղաքացի:
Հեղինակ՝ Անի Զէյթունցեան