Ատրպէյճանի գործողութիւններուն նպատակն է հայկական ինքնութենէն զրկել Շուշիի Մայր տաճարը. Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութիւնը:
Մակունց ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան ուշադրութիւնը հրաւիրեց Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ գմբէթի քանդումին, իսկ Արարատ Միրզոյեան նշեց, որ Արցախի հայութեան անվտանգ գոյութիւնը Ատրպէյճանի կազմին մէջ անհնար է, աշխարհը պէտք է ճանչնայ Արցախի հայութեան ինքնորոշման իրաւունքը:
Հայաստանի ազգային հաւաքականը նման է իսկական ընտանիքի,- ըսած է գլխաւոր մարզիչը՝ Խոաքին Քափառոս:
Փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեան, կրթութեան նախարար Վահրամ Տումանեան, Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան, Լոռիի եւ Տաւուշի մարզպետերը այսօր պատուաստուած են քորոնայի դէմ:
Առողջապահութեան նախարարութիւնը, պատուաստումներու գործընթացը աւելի դիւրացնելու համար քննարկած է հանրային վայրերուն մէջ բուժկէտեր ունենալու տարբերակը:
Օրուան քորոնայի թիւը 399 է, առողջացած է 635, մահացած՝ 16 անձ:
Հեղինակ՝ Անի Զէյթունցեան