Քարոզարշաւը խոչընդոտողները կ՛ենթարկուին քրէական պատասխանատւութեան. Ազգային Ժողովը ընդունեց Քրէական օրենսգիրքին մէջ փոփոխութիւններու փաթեթ:
Հայաստան աջակցութիւն կ՛ակնկալէ գերիներու շուտափոյթ վերադարձի հարցին. Նախագահը դիմած է Եվրոպայի խորհուրդի եւ ԵԱՀԿ գլխաւոր քարտուղարներուն:
Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի կարծիքով պէտք է Հայաստան-Արցախ ռազմաքաղաքական գործակցութիւնը աւելի խորանայ:
Ամերիկայի 65 քոնկրէսականներ կոչ ըրած են նիւթապէս աջակցելու Հայաստանին եւ Արցախին:
Քովիտի սահմանափակումներէն 1 տարի անց տնտեսութիւնը կը վերականգնուի. Մարտ ամսուն տնտեսութեան ցուցանիշը նախորդ տարուան համեմատ կազմած է 3.8%։
Իսկ համավարակը դեռ չի նահանջեր. հաստատուած է 808 նոր դէպք, առողջացած է 588, մահացած՝ 13 անձ:
Անի Զէյթունցեան