Մեծի Տանն Կիլիկիո Արամ Ա կաթողիկոսը նամակ է հղել ԱՄՆ նախագահ Ջո Բայդենին՝ Հայոց ցեղասպանության ճանաչման կապակցությամբ: Մեծի Տանն Կիլիկիո կաթողիկոսարանի տարածած հաղորդագրության մեջ ասված է.
«24 Ապրիլ 2021-ին, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն, Հայոց Ցեղասպանութեան 106-ամեակին առիթով հրապարակած իր պաշտօնական խօսքին մէջ 1915-ին հայ ժողովուրդին դէմ Օսմանեան-թուրք պետութեան կողմէ ծրագրուած ու գործադրուած Ցեղասպանութիւնը բնութագրեց իր ճշգրիտ, պատմական եւ իրաւական անուանումով՝ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ։
Արդարեւ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը շնորհակալութեան ու գնահատանքի նամակ մը յղեց նախագահ Պայտընի, ուր Նորին Սրբութիւնը յատկապէս ըսաւ.- «Ջերմօրէն կ՚ողջունեմ ու բարձրօրէն կը գնահատեմ Ձեր կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը՝ իմ նախորդներուս, որոնց պարտադրուեցաւ հեռանալ Հայ Եկեղեցւոյ Սիսի պատմական Կաթողիկոսարանէն, ինչպէս նաեւ աշխարհի բոլոր կողմերը ցրուած Ցեղասպանութեան վերապրողներուն կողմէ»: Շարունակելով իր խօսքը՝ Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ.- «Դուք, Ձեր ընտրական խոստումը յարգելով յոյս ներշնչեցիք Ցեղասպանութեան զոհերուն, որոնց իրաւունքը տակաւին կը մնայ անտեսուած, եւ աւելի՛ն, Դուք վերահաստատեցիք արդարութեան, մարդկային իրաւանց եւ հաշուետուութեան նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու յանձնառութիւնը»։
Ապա, Նորին Սրբութիւնը գնահատեց նախագահ Ճօ Պայտընին «խօսքէ անդին աշխարհաքաղաքական շահերը շրջանցելու քաջ նախաձեռնութիւնը, ինչպէս նաեւ աշխարհի քաղաքագէտներուն ուղղուած մարտահրաւէրը թէ՝ ընտրական խոստումները պատասխանատու յանձնառութիւններ պէտք է դառնան ի խնդիր արդարութեան եւ ոչ թէ ընտրութիւնը ապահովելու միջոցներ»: