Մալաթիացի հօրմէ ու մօրմէ ծնած տիկին Հռիփը ամուսնացած է մալաթիացի Գէորգին հետ եւ որոշած Արեւմտահայաստանի բարքերով ու սովորութիւններով հայկական ընտանիք կազմել:
Հռիփ Կանանյան (Հայոց ցեղասպանության վերապրածի դուստր) - Վերջին սերունդէն հազուադէպ երկու մալաթիացի իրարու հետ ամուսնացած են, հետեւաբար ես եւ Գէորգը, որուն ես Կանան կը կոչեմ, մեծ ուրախութեամբ որոշած ենք շարունակել մալաթիացիներուն սերունդը եւ մալաթիացիներուն վայել հայկական բոյն մը կազմել:
Տիկին Հռիփը այնպիսի մանրամասնութեամբ կը պատմէ իր հօրմէն լսած Մալաթիոյ հայկական կեանքին եւ այնտեղ թուրքերու կողմէ գործուած ջարդերուն մասին, որ կարծես դեռ երէկ տեղի ունեցած ըլլար հայրենի հողերէն տեղահանութիւնը:
Հռիփ Կանանյան - Հայրս լաւ պատմող եղած էր: Մենք եօթ հոգիով գորգին կը վրայ կը պառկէինք եւ հայրիկս մեզի ամէն օր կը պատմէր ջարդի իր պատմութիւնները: Ինք լաւ պատմասաց էր, թէեւ երբեք դպրոց չէր տեսած, որովհետեւ տասնհինգ տարի քիւրտերուն քով մնացած է, քիւրտերը պահած են զինք:
Հազիւ քանի մը տարեկան էր Հռիփին հայրը երբ թուրքերը յարձակած են Մալաթիոյ գիւղերուն վրայ եւ կոտորած տեղւոյն հայերը: Մեծ հայրը, որ քահանայ եղած է, սպանուած է թուրքերու ձեռամբ, իսկ հայրը յաջողած է փախչիլ:
Հռիփ Կանանյան - Երբ գիւղը պարպուած է փախած է եւ չէ գիտցած ուր պիտի ապաստանի, քիւրտերը առած պահած են զինք: Եղբայրը Սահակը կրցած է միջոցաւ մը Հալէպ հասնիլ: Տարիներ վերջ մեծ գումարներ տրամադրած է չեթէներուն, որպէսզի եղբօրը Հալէպ հասցնեն:
Չեթէներու ճամբով Սահակը հասած է Հալէպ եւ հարց ու փորձով յաջողած է գտնել Ս.Քառասնից Մանկանց եկեղեցին եւ եկեղեցւոյ ճամբով գտած է տարիներ առաջ կորսնցուցած եղբօրը: Ահաւոր եղած են հայրենի հողին վրայ անցուցած օրերը, որոնց յիշատակները շարունակած են չարչարել անոր հոգին:
Հռիփ Կանանյան - Շատ դժուարութիւններ անցուցեր է, որովհետեւ քիւրտեուն մէջ մնացած է եւ իրեն չարաչար աշխատցուցած են»:
Ցեղասպանութենէն շուրջ վաթսուն տարի ետք վերապրողներու զաւակներª Հռիփն ու Կանոնը որոշած են երթալ իրենց հայրենի հողը:
Հռիփ Կանանյան - Ազգականներ ունէինք, որոնց հետ նամակագրական կապ ունէինք: Ուզեցինք անպայման երթալ եւ մեր ծնողներուն ծննդավայրը եւ տուները փնտռել: Մեծ դժուարութեամբ կրցանք վիզա ապահովել եւ մեքենայով, ցամաքի ճամբով, Ազէզի ճամբով, հասանք Մալաթիա»:
Մալաթիոյ մէջ անոնց երազները կործանած են երբ տեսած են իրենց ծնողներուն տուները թուրքերով բնակեցուած են եւ եկեղեցիները քանդուած:
Մալաթիացիները Հալէպի մէջ հիմնած են հայրենակցական միութիւն եւ ի մասնաւորի կրթական բնագաւառի օժանդակութիւններ ապահոված:
Հռիփ Կանանյան - Նաեւ ունէին մալաթիացիները ուսանողական Ֆոնտ: Կ՛օգնէին բոլոր ընտանիքներուն, որ իրենց զաւակները նախակրթարան յաճախէին, տարին երեք աշակերտ ալ AUB կը ղրկէին»:
Տիկին Հռիփը անգիր գիտէ մալաթիացիներուն աղօթքը, զոր սորված էր իր լուսահոգի մօրմէն:
«Աղօթք մը, որ մամաս կ՛արատասանէր
Բլին (այսինքն բանալին)
Բլին ինկաւ բարձիս վրայ,
Ծունկ կը չոքիմ, աղօքթ կենիմ:
Կոյս Մարիաս առջեւս ինկիր,
Ճամբայ բաց, դժոխքի դրան անցուր,
Արքայութեան դոռը ցցուր,
Իմ հոգիս հոն հանգչեցուր»:
Քիչ չէ եղած խելագարներուն թիւը ցեղասպանութենէն մազապուրծ Հալէպ հասած հայու բեկորներուն մէջ: Նմանօրինակ պարագայ էր մալաթիացի «Տէլի Կարօն» էր, որուն մարմինը թէեւ առողջ էր, սակային հոգին կը կոտտար ազգին ցաւերով:
Հռիփ Կանանյան - Տէլի Կարօն մալաթիացի մըն էր, շատ վստահելի տղամարդ մըն էր, Հալէպի լումայափոխերը տոպրակով գումար կը յանձնէին իրեն, անկարելի էր, որ մէկը կարենար մէկ Ֆրանք իր ձեռքէն յափշտակել կամ գողնար, կը հասցնէր ճիշդ հասցէին: Ինչու Տէլի (խենթ) Կարօ, որովհետեւ ամէն մէկ մատին ոսկի մատանի մը դրած էր եւ ամէն օր անպայման պէտք էր ելեր բազմոցին վրայ եւ բարձր ձայնով պոռար «Ես իմ աչքերովս տեսեր եմ ջարդը, անոր համար չեմ դիմանար» եւ կու լար: Այս ցնցումները հոգեկան խանգարումներ պատճառած էին իրեն»:
Տիկին Հռիփը կը հաւատայ, որ պայծառ օր մը մեր հողերը պիտի վերադարձնենք, հետեւաբար անհրաժեշտ կը համարէ պահանջատիրական ոգին սերունդներուն մէջ վառ պահելը:
Անոր նման բազմաթիւ հալէպահայեր կը հաւատան, որ այնպէս ինչպէս արեւմտահայաստանէն ամենամօտիկ վայրը Հալէպն էր, ուր մեր նախնիները հարիւրվեց տարի առաջ կրցան ապաստան գտնել, այնպէս ալ Հալէպը պիտի ըլլայ այնամենամօտիկ վայրը ուրկէ արեւմտահայոց շառաւիղները պիտի վերադառնան իրենց հայրենի գաւառները: