18 Յուլիս 2015-ին Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ծրագիրներու ծիրէն ներս Լիբանանի մէջ բացումը կատարուեցաւ «Հայոց Ցեղասպանութեան Որբերու Արամ Պէզիկեան Թանգարան» ին։ Թանգարանը կը գտնուի Ճիպէյլ կամ պատմական մեծ նշանակութիւն ունեցող Պիպլոս քաղաքին մէջ, «Թռչնոց Բոյն»-ի շրջափակէն ներս։
Սեդա Խտշյան (Մեծի Տանն Կիլիկիո կաթողիկոսության ազգային կենտրոնական վարչության ատենապետ) - Այս թանգարանը` մեր յիշողութեան, սերունդներուն պիտի տայ այն ինչ հետզհետէ սկսած է կորսուիլ` մեր հետքերը, որովհետեւ 19 որբանոցներէն երբ որ միայն մէկ հատը կը մնայ եւ այդ ալ տակաւին ժամանակի ընթացքին կը գտնուի մարտահրաւէրներու առջեւ, որոնք կրնան զինք այլակերպել կամ ուրիշ բանի վերածել չենք գիտեր ինչ, բայց ոչ որբանոց մենք կը կորսնցնենք կամաց կամաց մեր հետքերը։ Մեր պատմութեան հետքերն են։
Ուրեմն հոս երբ որ աշակերտները, երբ որ երիտասարդութիւնը, երբ որ նոր սերունդը կ'այցելէ այդ պատերուն վրայ եղած պատմութիւններուն ընդմէջէն, եղած նկարներուն ընդմէջէն ինքը կը գիտնայ թէ ինք ով է եւ ինչու ինքը այսօր կը գտնուի սփիւռքեան այս օտար ափերուն վրայ։ Ինչպէս է որ իր ծնողները եկան յաղթեցին այդ խոցը, ինչպէս է որ մեծցան ինչպէս է որ վերապրեցան, ինչպէս է որ տուն տեղ շինեցին երբ որ լրիվ ստաբոպիկ ցնցոտիներով եկած էին եւ ոչինչ ունէին որպէս մարդ ապրելու ուտելու հաց։
Նաեւ այս թանգարանը հարցադրում է մարդկութեան թէ ինչպէս անպատիժ կը ձգեն մինչեւ այսօր թուրքիան իր այս կատարած յանցագործութեամբ եւ իր ժխտականութեամբը։ Այս թանգարանը սպառնալիք մըն է թուրքիոյ ժխտականութեան դէմ»։
Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք Լիբանանը գրկաբաց ընդունեց հայոց ազգին հազարաւոր որբերը։ Դանիական , զուիցերիական , ամերիկեան եւ շուէտական մարդասիրական կազմակերպութիւններ հիմնեցին որբանոցներ եւ օգնութեան ձեռք երկարեցին ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայերուն , «Թռչնոց Բոյն»-ը ամենէն մեծ որբանոցներէն էր , որ հիմնած էին դանիացի միսիոնարները։
Տ. Հովակիմ Վարդապետ Բանճարճյան («Հայոց ցեղասպանության որբերի Արամ Բեզիկյան թանգարանի» հանձնախմբի փոխատենապետ) - Առաջին խորհուրդը, որ թանգարանէն մեզի կու գայ հաւաքական յիշողութեան վառ պահելը, իսկ երկրորդ խորհուրդը մեր անկոտրուն եւ ամուր կամք ունենալու յանձնառութիւնը։ Այլ խօսքով՝ այս թանգարանը այսօր մեզմէ իյրաքանչիւրին կոչ մը կ'ուղղէ եւ յիշեցում մը կը կատարէ ըսելով, որ ով հայ անհատ դուն որ ազատած ես հայոց ցեղասպանութենէն, այսօր այս որբերուն միջոցաւ դուն պայքար մը ունիս , պայքար յանուն արդարութեան եւ յանուն ազգային արժանապատուութեան։
«Հայոց Ցեղասպանութեան Որբերու Արամ Պէզիկեան Թանգարան»-ը կառուցուեցաւ հովանաւորութեամբ Մեծ ի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. ի եւ բարերարութեամբ Տէր եւ Տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիկեաններու։ Թանգարանը կը կրէ Ալեքքօյի հօր` Արամ Պէզիկեանի անունը, որ հազարաւոր այլ որբերու նման իր մանկութիւնը անցուցած էր «Թռչնոց Բոյնի» մէջ։
«Թռչնոց Բոյն» ի շէնքերէն ամենէն հինը, իր պատմական եւ հնագիտական արժէքով , ուր ապաստան գտած էին հայ որբերը վերանորոգուեցաւ եւ վերածուեցաւ տառապանքն ու վերապրումը մարմնաւորող թանգարանի։
Թանգարանի մուտքին հազարաւոր որբերու «Մօր»՝ Մարիա Ճէյքոպսընի դամբարանն է։ Որբերու ոտնահետքերուն կ'ընկերակցի ձայնային սարքաւորումով բարձրացած որբերուն ձայները։ Թանգարանը կը բաղկանայ երէք բաժիններէ՝ հայոց ցեղասպանութիւնը, որբերու կեանքն ու հայ ժողովուրդի վերածնունդը։ Հոն զետեղուած են պատմական լուսանկարներ, փաստաթուղթեր, նամակներ, ցեղասպանութեան եւ յատկապէս որբերու ու այդ շրջանի մեր ժողովուրդի գաղթական զաւակներուն կեանքին առնչուած իրեր եւ յուշագրութիւններ:
Մուտքի կոտրած զանգակը կը խորհրդանշէ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ ժողովուրդը։ Մեծ Եղեռնի նուիրուած այս թանգարանի ճամբով կ'անմահանան որբերը` իրենց որբացած կեանքով, սակայն ամուր հաւատքով ու պայքարի ուժով։
Այս թանգարանը եզակի է իր բնոյթով եւ նպատակով, որովհետեւ կառուցուած է գեղարուեստական մօտեցումով եւ արդիական ճարտարագիտութեան կարելիութիւններու լայն օգտագործումով։ Պատերուն վրայ զետեղուած պաստառները տեղեկութիւն կը փոխանցեն հայերէն, արաբերէն, անգլերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով։
Հոս կ'ամփոփուին տառապանքն ու վերածնունդը։ Այս թանգարանը պատասխանն է այդ հարցումին թէ հայերը ինչպէս վերապրեցան։
Գրիգոր Ալոզյան («Հայոց ցեղասպանության որբերի Արամ Բեզիկյան թանգարանի» տեսուչ) - Խօսելով թանգարանի մասին թանգարանը կը բաժնուի հիմնական երէք բաժիններու առաջին բաժինը ցեղասպանութեան նուիրուած եւ ցեղասպանութիւն ներկայացուած իր բոլոր մանրամասնութիւններով, երկրորդ բաժինը թանգարանը կը ներկայանայ եւ կարեւոր հիմնական բաժինը երկրորդն է, որովհետեւ թանգարանին անունը ինչպէս որ մեզ կը յուշէ «Հայոց Ցեղասպանութեան Որբերու Արամ Պէզիկեան Թանգարան» հետեւաբար ցեղասպանութեան որբերու թանգարանն է եւ երկրորդ բաժինը նուիրուած է ցեղասպանութեան որբերու, բոլոր իրենց մանրամասնութիւններով եւ այդ կարեւոր մեծ բարեգործական ծրագիրները եւ կազմակերպութիւնները նպաստած են եւ օգնած են հայ որբերուն, երրորդ բաժինը վերածնունդի բաժինն է , որ բնական եւ հարազատ շարունակութիւնն է ցեղասպանութեան, ինչպէս նաեւ հայոց ցեղասպանութեան որբերուն։
Իսկ ինչ կը վերաբերի այցելուներուն, մենք բաւական մեծ թիւով այցելուներ կ'ունենանք, որովհետեւ թանգարանը կը գտնուի պատմական վայրի մը մէջ եւ այդ պատմական վայրը Պիպլոս քաղաքն է։ Օտար այցելուներու թիւը բաւական բարձր է եւ անոնք մեծ եւ այսպէս տպաւորութիւններով եւ խորունկ տպաւորութիւններով է, որ դուրս կու գան թանկարանէն երկար ժամանակ կ'անցնեն թանգարանի մէջ զրուցելով, հանդիպելով, ընթերցելով եւ իրենց հարցումներով է որ կ'ամբողջացնեն իրենց այցելութիւնը։
Անուանացանկի պատին դիմաց երկար կը կանգնին այցելուները փնտռելու իրենց հարազատներուն անունները։
Հոս կարելի է դիտել նաեւ պատմական վաւերագրական տեսաերիզներ։
Տեղադրուած են նաեւ Մարիա Ճէյքոպսընի գրասեղանը, աթոռը, գիրքերն ու անձնական իրերը։
Այս թանգարանը այցելուներուն մէջ յուզմունք կը յառաջացնէ, առիթ կու տայ անգամ մը եւս մտածելու հայ դատին մասին։
Հոսկէ կը հեռանան ալեկոծուած սրտերով, արդար իրաւունքներու վերատիրացման հայեացքով։
Թանգարանի հայ այցելուները այս վայրէն կը հեռանան վերանորոգուած հաւատքով զինուած պահանջատիրութեամբ, իսկ օտարները իրազեկ պատմութեան։
Փաթիլ Մկրտիչեան