Թէեւ 2017-էն ի վեր Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող ռազմական գործողութիւնները շարք մը նահանգներու մէջ համարեա դադրած են, սակայն Սուրիան կը շարունակէ քաղաքա-տնտեսական լուրջ տագնապներ դիմագրաւել: Տնտեսական իրավիճակը այնքան ահարկու է, որ քաղաքացիներէն ոմանք կ՛արտայայտուին, որ պատերազմի հրթիռներուն ներքեւ աւելի հեշտ էր օրապահիկ ապահովելը քան այսօր: ԱՄՆ-ի կողմէ պարտադրուած պատժական օրինագիծը` անտարակոյս, որ հիմնական պատճառը կը համարուի երկիրը այս աննախանձելի վիճակին հասնելուն:
Անաս Ռամադան (Փորձագետ, լրագրող) - ԱՄՆ-ի կողմից պարտադրուած պատժամիջոցները մեծապէս ազդեցին Սիրիայի տնտեսական վիճակի վրայ: Արգելուեց հիմնական նիւթերի ներմուծումը: Սակայն բոլորիս համար ծանօթ է ամերիկեան վարվելակերպը, որ երբ այն ձախողում է քաղաքական որեւէ ծրագիր, ապա անմիջապէս դիմում է տնտեսական պատիժներ սահմանելու տարբերակին:
Քարիւղով հարուստ Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքի շրջանէն Թուրքիոյ կողմէ քարիւղի կողոպուտը կը շարունակուի: Անկարան առիթ չի կորսնցներ տարիներու իր ցնորքը իրականութիւն դարձնելու փորձեր կատարելու ուղղութեամբ:
Ռուբէն Գեւորգեան (Փորձագէտ) - Թրքական միջամտութիւնը մղուած է իրենց կողմէ որդեգրուած նոր գաղափարախօսութեամբ, որ բան-թրքական եւ բան-օսմանական գաղափարախօսութիւնն է: Այս մօտեցումը շատ յստակ սկսաւ երեւալ Սուրիոյ գրաւեալ շրջաններուն մէջ: Այս շրջաններուն մէջ սկսաւ կրթական հաստատութիւններու հիմնադրութիւնը, տնտեսական կառոյցներու ինտեկրացումը թրքական տնտեսական կառոյցներու հետ:
Քաղաքական արդէն իսկ դժուար այս իրավիճակը առաւել կը բարդանայ երբ Իսրայէլեան հրթիռները մերթ ընդ մերթ կ՛արձակուին Դամասկոսի վրայ: Վերջինը տարեթիւիս տասնվեց Մարտին էր, երբ սուրիական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը յաջողեցան վար առնել զանոնք: Արդ, Ամերիկեան, Իսրայէլեան եւ թրքական գործօնները շրջանին մէջ վիճակը ահաւոր կը վատթարցնեն:
Անաս Ռամադան - Հայերը, յատկապէս սիրիահայերը, լաւ են ճանաչում Թուրքիայի նենգութիւնը: Թուրքիայի իշխանութիւնը փորձում է համոզել, որ Էրդողանը մահմեդական ժողովուրդների կամ արաբական աշխարհի փրկիչն է: Թուրքիան շարունակում է կողոպուտը Սիրիայում: Այսօր մեր երկրի բարիքները, հատկապես՝ նաւթը, կողոպտւում են Թուրքիայի կողմից:
Ամերիկեան տոլարի դիմաց սուրիական լիրայի օրէ օր արժեզրկումը խառնափնթոր կացութիւն յառաջացուցած է եւ առաջնորդած բազմաբնոյթ ապրանքատեսակներու սղումի: Արձանագրուած սղաճը երկրորդական պիտոյքներու պարագային եթէ անմիջականօրէն ազդեցութիւն չ՛ունենար քաղաքացիին վրայ, ապա կենսականներու պարագային, ինչպիսին է սնունդը, վառելանիւթը, վիճակը անտանելի կը դարձնէ:
Անաս Ռամադան - Արգելուեց կենսական ապրանքատեսակների ներմուծումը, օրինակ՝ երեխաների կաթը, ինչը մեծապէս դժուարացրեց քաղաքացու առօրեան:
Թուրքիան իր ծաւալապաշտական քաղաքականութեան մէջ չխնայեց ոչ մարդը, ոչ հողը:
Ռուբէն Գևորգեան - ԱՖրինի մէջ 30-50 տարուան տարուան ձիթենիները, որոնք բերրի էին, արմատախիլ ընելով բեռնատարերով Թուրքիա փոխադրեց: Վերջերս Ճեզիրէի տարածքներու մէջ գտնուող հացահատիկի եւ քարիւղի արտադրանքները կը փոխադրեն: Այս բոլորը կը միտէր Սուրիոյ տնտեսական հարուած հասցնել եւ անդամալուծել Սուրիոյ տնտեսութիւնը, բան մը, որ մենք Հալէպի մէջ ուղղակի ականատես եղանք եւ այսօր ամբողջ Սուրիոյ տարածքով կը փորձեն իրականացնել:
Այս բոլորին վրայ կ՛աւելնան թագավարակի սպառնալիքները, որուն պատճառով օրեր առաջ Սուրիոյ կրթութեան նախարարը դպրոցներու ուսումնական տարեշրջանը ուսումնական կարգ մը հանգրուաններու համար աւարտած համարեց, ուրիշ հանգրուաններու համար կրճատեց, իսկ համալսարաններու մէջ դասաւանդութիւնը որոշ ժամկէտով առկախեց:
Այս բոլորին հանդերձ անհրաժեշտ է հաստատել, որ ռազմական ահաւոր գործողութիւններու ծանրութիւնը նոր թօթափած երկիրը, որ աշխարհակալ երկրի կողմէ սահմանուած ծանր պատիժներ կը կրէ, հազարաւոր զաւակներ հողին յանձնեց, որուն բնական հարստութիւնը կը կողոպտուի, ենթակառոյցները կամ կործանեցան եւ կամ Թուրքիոյ կողմէ գողցուեցան եւ փոխադրուեցան Թուրքիա, որուն բարեբեր արտերը հրկիզուեցան կամ ահաբեկիչներու իշխանութեան ներքեւ անցան, այն տակաւին կը տոկայ, իր քաղաքացիները ձրիաբար կը բժշկէ եւ իր աշակերտներուն ու ուսանողներուն անվճար կրթութիւն կու տայ: