Հայ ռազմագերիներուն, գերի ինկած անձերուն եւ տեղահանուածներուն հարցը պիտի քննարկուի Եվրոպայի Խորհրդի Խորհրդարանական Վեհաժողովի լիագումար նիստին: Հարցը ներառուած է օրակարգին վրայ:
Պայմանագրային զինծառայութեան տարիքային շեմը պիտի բարձրանայ՝ միջինը 5 տարիով. Խորհրդարանը ընդունեց նախագիծ:
Իսրայէլի մէջ Հայաստանի դեսպան Արմէն Սմբատեանին մեղադրանք առաջադրուեցաւ փողերու լուացման եւ պաշտօնէական լիազօրութիւնները չարաշահելուն օժանդակելու, համար:
Կանխել մշակութային ցեղասպանութիւնը: Արցախի հասարակական կազմակերպութիւնները բողոքի ցոյց կատարած են Միացեալ Ազգերու կազմակերպութեան Հայաստանի գրասենեակին առջեւ:
Օրուան քորոնայի թիւերը․ հաստատուած է թագաժահրի հիւանդութեան 298 նոր դէպք: Ունինք 1551 առողջացած եւ մահուան 17 դէպք:
Հեղինակ՝ Անի Զէյթունցեան