Վարչապետի գլխաւորութեամբ Անվտանգութեան խորհուրդի նիստին Քննարկուած են Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգային միջավայրի ամրապնդման հարցերը:
Ատրպէյճան վերջնականապես իր դիրքը կ՛ամրագրէ, որպէս անհանդուրժողականութեան եւ այլատեացութեան համաշխարհային կեդրոն. Արտգործնախարարութեան յայտարարութիւնը՝ Պաքուի մէջ Արցախեան պատերազմի այսպէս կոչուած «պուրակի» բացման վերաբերեալ:
Եվրոպայի Խորհրդարանական Վեհաժողովի ներգաղթի յանձնաժողովի ղեկավար Փիեռ Ալան Ֆրիտէզ յայտարարած է, որ Ատրպէյճան պէտք է վերադարձնէ Արցախեան վերջին պատերազմէն յետոյ պահուող հայ գերիները:
Ամերիկացի սենաթոր Էնթընի Փորթանթինոն կոչ ըրած է Ամերիկայի նախագահին ճանաչել Հայոց Ցեղասպանութիւնը։
Վճռաբեկ դատարանը բաւարարեց Գլխաւոր դատախազութեան բողոքը. Նարեկ Սարգսեան կալանաւորուած է։
Օրուան քորոնայի թիւերը․ հաստատուած է թագաժահրի հիւանդութեան 726 նոր դէպք: Առողջացած՝ 824, մահացած ՝ 22 անձ:
Հեղինակ՝ Անի Զէյթունցեան