Մարտ 21-ին ձիւնաբուքի պատճառով կորսուած 2 զինծառայողները յայտնաբերուած են, անոնցմէ մէկուն կեանքը չեն կրցած փրկել:
Վարչապետն ու նախագահը հանդիպեցան, քննարկած են երկրին մէջ ստեղծուած իրավիճակը, անդրադարձած՝ արտահերթ ընտրութիւններու անցկացման։
Ազգային անվտանգութեան Ծառայութիւնը բացայայտած է կաշառք ստանալու եւ տալու դէպքեր. 9 անձ ձերբակալուած է:
2,5 տարի տեւած դատական նիստերէն յետոյ «Մարտ 1»-ի գործով դատավարութիւնը վերջապէս մտաւ դատաքննութեան փուլ:
«Իմ քայլը» հակուած է համամասնական ընտրակարգով ընտրութիւններու . Մակունցի ճեպազրոյցը։
Ամերիկացի վերլուծաբան Եան Պրեմըրի կարծիքով՝ Պայտըն պիտի ընդունի Հայոց ցեղասպանութիւնը:
Եւ օրուան քորոնայի թիւերը․ հաստատուած է 801 դէպք, առողջացած է 451, մահացած՝ 24 անձ:
Անի Զէյթունցեան