Հայաստանի մէջ մեկնարկեց մարտավարական զօրավարժութիւնները: Նպատակն է՝ ստուգել ստորաբաժանումներու մարտունակութիւնը, յատկապէս բարդ իրավիճակի պայմաններուն մէջ:
Եվրախորհրդարանը վերահաստատեց եւ դատապարտեց Թուրքիոյ կողմէն սուրիացի վարձկաններու ներգրաւումը՝ Արցախեան պատերազմին մէջ:
Եվրոպայի Անվտանգութեան եւ Համագործակցութեան Կազմակերպութեան նախագահ, Շուէտի Արտաքին գործոց նախարար Անն Լինտը շեշտեց՝ եռակողմ յայտարարութեան լիարժէք պահպանումը հիմք կը հանդիսանայ Արցախեան հիմնահարցի կարգաւորման:
Ներկայիս Ատրպէյճանի դէմ միջոցներ կը կիրառուին 188 հայ գերիներուն վերաբերեալ: Պատանդի կարգավիճակի մէջ պահելը գերիներուն կը խաթարէ եռակողմ համաձայնութիւնը. յայտնեց Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակը:
Օրուան Քորոնայի թիւերը. Հաստատուած է հիւանդութեան 585 նոր դէպք: Ունինք 292 առողջացած եւ մահուան 12 դէպք: