Հանրապետութեան նախագահն ու վարչապետը հանդիպում ունեցան․ Քննարկած են երկրին մէջ ստեղծուած իրավիճակը. ներքաղաքական ճգնաժամը յաղթահարելու ուղիները. որպէս լուծում անդրադարձ կատարուած է խորհրդարանի արտահերթ ընտրութիւններու:
Մարդու Իրաւունքներու Եվրոպական Դատարանը Ատրպէյճանի կողմէն հայ ռազմագերիներու եւ պահուող քաղաքացիական անձերու իրաւունքներուն ոտնահարման խնդրի մասին ծանուցեց Եվրախորհրդարանի Նախարարներու կոմիտէին:
Human Rights Watch իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը անդրադարձաւ Ատրպէյճանի մէջ պահուող գերիներու խնդրին: Ընդգծեց՝ որ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները պէտք է անյապաղ ազատ արձակեն ու հայրենիք վերադարձնեն կալանավայրերուն մէջ պահուող քաղաքացիական բոլոր անձերը:
Երկուշաբթի կը վերսկսին զինծառայողներու աճիւններու որոնման աշխատանքները:
Ամերիկայի Համահայկական խորհուրդը Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցով դիմեց Ամերիկայի նախագահ Ճո Պայտընին. Կ՛ակնկալուի, որ Ամերիկայի նախագահը վերջնականապէս ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը:
Օրուան քորոնայի թիւերը. Հաստատուած է թագաժահրի հիւանդութեան 795 նոր դէպք: Ունինք 257 առողջացած և մահուան 10 դէպք:
Հեղինակ՝ Անի Զէյթունցեան