Լիբանանահայ Մարալ Նաճարեան ատրպէյճանական գերութենէն ազատ արձակուեցաւ ու վերադարձաւ տուն:
Հարկերու վերադարձը գործարարներուն եռամսեակի փոխարէն կը դառնայ ամենամսեայ։ Կառավարութիւնը նախագիծը ընդունեց:
Կառավարութիւնը ստացաւ նախագահի առարկութիւնները՝ Արտակ Դաւթեանը զինուած ուժերու գլխաւոր շտապի պետ նշանակելու միջնորդութեան վերաբերեալ: Նախագահի առարկություններուն պատասխանող հիմնաւորումներով միջնորդութիւնը կը վերադարձուի նախագահական:
Քոնկրէսական Պրէտ Շըրման Ամերիկայի պետական քարտուղարին կոչ ըրած է ճնշում գործադրել Ատրպէյճանի վրայ, հայ ռազմագերիները ազատ արձակելու համար:
Հայաստանի մէջ թագաժահրի հիւանդութեան դէպքերու թիւը էականօրէն աւելցած է: Հաստատուած է 748 նոր դէպք: Ունինք 182 առողջացած եւ մահուան 2 դէպք: Առողջապահութեան նախարարը յայտնեց, որ բժշկական 9 կեդրոններուն մէջ ազատ է ընդամէնը 100 մահճակալ: Կոչ ըրաւ պահպանել հակահամաճարակային կանոնները:
Անի Զէյթունցեան