Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան մարտ 9-ին այցելեց Գեղարքունիքի մարզ․ այցի ընթացքին Վարչապետը հանդիպեցաւ Գաւառի կեդրոնը հաւաքուած քաղաքացիներուն:
Հայաստանի մէջ ԵՈՒՆԻՍԵՖի ներկայացուցչի պաշտօնավարումը կը դադրեցուի. Մարիան Քլարկ-Հաթթինգի թերացումները խնդրահարոյց եղած են. Կը յայտնէ Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակը:
Քննչական կոմիտէն կը յայտնէ, որ Վազգէն Մանուկեանին առաջադրուած մեղադրանքը համալրուած է Փետրուար 26-ի հանրահաւաքին հնչած՝ իշխանութիւնը զաւթելու եւ սահմանադրական կարգը տապալելու բռնի կոչերուն համար:
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը դրամական աջակցութիւն կը տրամադրէ Արցախի 5564 աշխարհազօրայիններու ընտանիքներուն:
Միջազգային հանրութիւնը պէտք է պատասխանատւութեան ենթարկէ Ատրպէյճանի կառավարութիւնը: Քոնկրեսական Պրէտ Շըրման անդրադարձած է հայ ռազմագերիներու խնդիրներուն:
Եւ օրուան քորոնայի թիւերը. հաստատուած է թագաժահրի հիւանդութեան 182 նոր դէպք: Ունինք 142 առողջացած եւ մահուան 7 դէպք: