Հրաժարեալ կառավարութեան պաշտօնակատար նախարարները կը շարունակեն կիսատ մնացած հարցերը լուծել։
Գործադիր իշխանութեան կազմութեան ձախողութիւնն ու ձգձգումը առաւել եւս կը բարդացնեն երկրի ծանր իրավիճակը։ Ապրուստի ճնշող պայմանները կը շարունակուին։ Լիբանանեան թղթոսկին կը շարունակէ իր արժէքը կորսնցնել Ամերիկեան տոլարի սակագինին դիմաց։ Պէյրութի նաւահանգիստի 4 օգոստոս 2020 ի աղէտալի պայթումէն վեց ամիս ետք տակաւին հետաքննութիւնը յստակ չէ։
Հակոբ Բագրատունի (Լիբանանի խորհրդարանի պատգամավոր) - Ինչ կը վերաբերի Հայ համայնքին մենք ամէն պարագայի ներկայացուցիչ պիտի ունենանք ատիկա սահմանադրականօրէն մեր իրաւուքն է եւ անկարելի է մտածել որ նման բան կարելի չէ ըլլայ , պահանջող ենք արդեն եւ 2-3 օր առաջ ես հանրապետութեան նախագահին հանդիպեցայ։ Սակայն ամէն պարագայի այսօրուան դրուածքով ներքին քաղաքական վիճակը այնքան ձգտուած վիճակ ունի որ կարելի չէ ըսել որ կարճ ժամանակամիջոցի մը ընթացքին կառավարութիւն կրնանք ունենալ։
Խանութպան - Ընդհանրապէս հաճախորդները որ կու գան իրենց պէտքերը կը գնենկոր հաց է, մածուն, սուրճ, իրենց կարեւոր ուտելիքները կը գնենկոր աւելորդ բաներ չեն ծախսերկոր, որովհետեւ գիներու սղութիւնը շատ տարբերութիւն կայ մօտաւոր 8 անգամով , 10 անգամ աւելի են:
Քորոնա համավարակը կը շարունակէ զոհեր պատճառել։ Լիբանանի պատասխանատուները, ի տես այս կացութեան, կը գիտակցին, որ այս ճգնաժամին մէջ կառավարութեան կազմութիւնը հրամայական պահանջք է։ Հանրապետութեան նախագահ զօրավար Միշել Աունը , խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին , հրաժարեալ վարչապետ Հասսան Տիապն ու նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրին ամէն ջանք ի գործ կը դնեն փրկելու երկիրը։ Այս ծիրին մէջ կարելի է նշել նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրի Լիբանանի հարցին առնչակից երկիրներ ընդգրկող շրջապտոյտը, ինչպէս վերջերս Գահիրէն եւ Փարիզը , ուր Էլիզէյի պալատին մէջ Նախագահ Մաքրոնի հետ միասին քննարկեցին Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան թղթածրարը։
Հակոբ Բագրատունի - Անշուշտ ասիկա զուտ լիբանանեան խնդիր չէ կապ ունի արաբական երկիրներու կեցուածքներուն յատկապէս Սէուտական Արաբիոյ կեցուածքին ինչ կը վերաբերի վարչապետ Հարիրիի նշանակման , Իրանի կեցուածներուն , Իրան_Միացեալ Նահանգներ համաձայնութիւններուն , Թուրքիոյ դերակատարութեան եւ այնքան այսպէս խորքային խնդիրներ կար շրջանին մէջ եւ միջազգայինօրէն ,որ դժբախտաբար գինը կը վճարէ լիբանանցի պարզ քաղաքացին»:
Սյուզի Սեմերջյան (Տնտեսագետ) - Լուծումը ի՞նչ է վերադարձնել վստահութիւնը։ Ինչպէ՞ս վերադարձնել վստահութիւնը շատ պարզ է նոր կառավարութիւն վստահութիւն որ կ'ունենայ միջազգային կազմակերպութիւններէն, մեծ պետութիւններէն , Լիբանանի բարեկամ երկիրներէն:
2020 թուականին սղաճը բարձրացաւ 135 տոկոս, 2021 ի առաջին եռամսեակին նախատեսուած է 85 տոկոս սղաճի բարձրացում։ Ասոր կ'աւելնայ 500 % դրամի արժեզրկում եւ 50 տոկոսը անցած անգործութիւն։
Սյուզի Սեմերջյան - Տարին մենք ունինք 5 միլիառ տոլար պիւտճէի տէֆիսիթ , ուր կ'երթայ ինօպէս կ'երթայ քորոբսիոնով կ'երթայ կամ ոչ էֆէքթիվ ձեւով կը ծախսուի իր կարգին , բայց ասիկա մեզի կու տայ 75 միլիառ տոլար պարտք Լիբանանի կառավարութեան։
Այսմէկը ունի իր տոկոսներն ու հետեւանքները, արտաքին արեւտուրի բացը տարեկան կը հասնի 20 միլիառ տոլարի։
Հեղինակ՝ Փաթիլ Մկրտիչեան