Հալէպը, որ նախապատերազմեան շրջանին Սուրիոյ, նոյնիսկ Միջին Արեւելքի, արդիւնաբերութեան ու ճարտարարուեստի մայրաքաղաքը կը համարուէր, պատերազմէն ետք յայտնուեցաւ աննախանձելի իրավիճակի մէջ։ Պարզուած ծանր կացութիւնը մեծապէս ազդեց քաղաքի արհեստաւորներուն վրայ, որոնք նիւթական մեծ վնասներ կրեցին։ Թէեւ տարբեր արհեստներու հայ վարպետներէն շատեր գաղթեցին երկրէն, այսուհանդերձ պատկառելի թիւ մը որոշեց տոկալ եւ բարելաւման յոյսով շարունակել գործել ու արդիւնաբերել։
Աբիկը Հալէպի ապրած պատերազմի վեցամեայ տարիներուն բնաւ չհեռացաւ իր գործատեղիէն, նոյնիսկ ամենավտանգաւոր պահերուն։
Աբրահամ Ատուրյան (հաստոցագործ) - Պատերազմի վիճակը շատ վատ էր, միշտ հաուն (հրասանդ) կ՛իյնար, ճարրա (կազի տակառ) կ՛իյնար, բայց մենք թաղէն չփախանք, մնացինք։ Վստահ որ բոլորս ալ վնասներ կրեցինք, շատ մը անգործութեան վնասներ։ Գործաւորութիւն ըրինք մինչեւ որ թաղերը շտկուեցան։
Արհեստաւորներուն ապրած տագնապը մեղմացնելու նպատակով՝ երկրի նախագահական պալատին կողմէ մշակուեցաւ փոքր ձեռնարկութիւններու նիւթական աջակցութեան ծրագիր, որ գործադրութեան դրուեցաւ նախագահին անմիջական հետապնդումով ու սատարումով։
Աբրահամն այդ օժանդակութենէն օգտուողներէն մէկն էր, ան ստացած գումարով կրցաւ գնել պահանջուած մեքենան։
«Մենք այդ դրամով այս ֆրեզան գնեցինք, որպէսզի կրնանք գործերնիս աւելի յառաջացնել, կրնանք աշխատիլ, մեր գործին ծառայող գործիքներէն մէկն է»։
Աբիկ Տիգրանեանն աւելի քան քառասուն տարի առաջ Հալէպի Նոր Գիւղի հայահոծ շրջանին մէջ հիմնած է իր արհեստանոցը եւ տքնաջան աշխատանքով դարձած է քաղաքի յայտնի վարպետներէն մէկը։ Աբիկը բնաւ չէր մտածած Հալէպէն գաղթելու մասին, նոյնիսկ պատերազմի ծանր օրերուն, որովհետեւ հաստատած էր, որ այս երկիրը շատ բան տուած է հայուն։
Աբիկ Տիգրանյան (մեքենագործ, հաստոցագործ) - Պատերազմին կ՛աշխատէինք, մենք չէինք գոցած խանութը, նոյնիսկ երբ վտանգաւոր էր, ռումբեր կ՛իջնէր խանութը կը բանայինք, այստեղ տասը ռումբ իջած է։ Այս երկիրը երբեք բան չէ խնայած մեզի, մենք նոյնն ալ տուած ենք այս երկրին։
Վարպետ Աբիկը, նիւթապէս բաւարարուած ըլլալով, դիմում չէր կատարած արհեստաւորներու յատուկ օժանդակութենէն օգտուելու համար, սակայն բարձր կը գնահատէ կատարուած նախաձեռնութիւնը, որ ըստ անոր երիտասարդ արհեստաւորները խրախուսելու ողջունելի քայլ է։
«Շատ-շատ ուրախացանք, ան որ պէտք ունէր օգտուեցաւ, մենք պէտք չունէինք, չդիմեցինք։ Իրենց մեծ յոյս էր ասի եւ փառք Աստուծոյ մինչեւ օրս արդիւնքները շատ-շատ լաւ են, եթէ ասանկ տեւէ, մէկ տարիէն գումարը կրնան հանել։
Աբիկը խրախուսեց հալէպահայ վարպետները վերադառնալու եւ վերակառուցելու իրենց լքած գործատեղիներն ու կալուածները։
«Հայ վարպետներուն կ՛ըսենք, ինչու չէք դառնար, ձեր խանութները, տուները, օդօները, ֆապրիքները կեցեր են, երկիրը պէտք ունի իրենց եւ կը շահին, հոս դրամ կայ, շահ կայ, հոն գործաւոր ես, հոս վարպետ ես»։
Աբիկը կը հաւատայ, որ սփիւռքի սիրտը հանդիսացող Հալէպը հայութեան համար շատ լաւ տեղ է։
«Կը կարծեմ այս երկիրը մեզի համար շատ լաւ երկիր է, ինչ որ տուին մեզի մենք փոխադարձ դարձուցինք ջարդէն ետք։ Ասանկ երկիրէ չեմ կարծեր մենք դիւրին-դիւրին վազ անցնինք, քանի որ այս երկիրը երկրորդ մեր հայրենիքն է, մեր երկրորդ Հայաստանն է»։
Այսօր, երբ ԱՄՆի կողմէ տնտեսական ծանր պատիժներ տնօրինուած են Սուրիոյ նկատմամբ, հայ արհեստաւորները երկրի տնտեսութիւնը փրկելու համար ջանք չեն խնայեր նորարարելու եւ ստեղծագործելու։
«Չեղած բաները կը ստեղծէինք, աշխարհը ամէն մեր վրայ կը կտրէր, չեղած մեծ գործիքները մենք կը շինէինք, կը ստեղծէինք այստեղ, բանի մը պէտք չենք ունեցած, մինչեւ այսօր նոյնն է, հայ արհեստաւորները նոյն ուժով կ՛աշխատին։
Աբիկը, ինչպէս ե՛ւ սուրիահայութիւնը, անընդմէջ կը յայտնէ իր երախտագիտական զգացումները Սուրիոյ արաբ ժողովուրդին, ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայերուն նկատմամբ եղբայրական վերաբերմունք ցուցաբերելուն համար։
«Որ ջարդէն եկանք արաբը հացը կիսեց, կէսը ինք կերաւ, կէսը մեզի տուաւ։ Նախագահը անձամբ ըսաւ եւ աշխարհը ամբողջ լսեց, որ հայը այս երկիրը շինեց եւ մինչեւ այսօր կը շինէ։ Բոլոր աշխարհը գիտէ որ հայը Սուրիայի համար ինչ է»։
Վարդանը թէեւ նշեց ելեքտրական հոսանքին եւ քարիւղին առնչուած տագնապներուն պատճառով հայ արհեստաւորներուն դիմագրաւած դժուարութիւնները, այսուհանդերձ իրավիճակի բարելաւման յոյս յայտնեց։
Վարդան Պետրոսյան (շարժիչագործ) - Հալէպի մեծ վարպետները գացին դժբախտաբար, բայց եթէ դառնան աւելի լաւ կըլլայ, Հալէպը վարպետներու կարիք ունի, Հալէպ գործ կայ, Հալէպ ետ առաջուան օրերը կը դառնայ, հայութիւնը պէտք է Հալէպին, Հալէպը կ՛աշխատի հայերով։
Վարդանին ընկերներէն շատերը օգտուած են արհեստաւորներուն տրամադրուած օժանդակութենէն եւ վերստին գործի սկսած։
«Ունինք ընկերներ, որ օգտուեցան նախագահի տուած գումարներէն, իրենց գործը սկիզբէն սկսան կազմակերպել եւ աշխատիլ, մեքենաներ առին, խանութներ վարձեցին եւ սկսան իրենց գործին»։
Հալէպի դարբիններու, կաղապարագործներու եւ մետաղագործութեան արհմիութեան փոխնախագահն իր կարգին շեշտադրեց, որ երկրի ճարտարարուեստի վիճակը բարելաւելու համար անհրաժեշտ է տարբեր միջոցներով նեցուկ կանգնիլ արհեստաւորներուն։
Հալէպի հայ արհեստաւորները, շնորհիւ իրենց ստեղծագործ աշխատանքին, հնարամտութեան եւ հմտութիւններուն Սուրիոյ տարածքին յարգանք ու պատիւ վաստկած են։