Վերջին տասնամեակներուն արեւմտահայերէնը գոյատեւման լուրջ վտանգներ կը դիմագրաւէ: Արեւմտահայերէնի պահպանութեան գլխաւոր կեդրոնները կը շարունակեն մնալ Պոլիսը, Պէյրութն ու Հալէպը: Սակայն պատմական այս գաղութներուն մէջ եւս բազմաթիւ ազդակներ արեւմտայերէնի յարատեւութեան կը սպառնան:
Լալա Միսկարյան-Մինասյան-Գրող, հրապարակագիր, մանկավարժ, դասախոս- «Արեւմտահայերէնի պահպանման հիմնական օջախները Միջին Արեւելքի գաղութներն են, որոնք ետեւ ետեւի կործանեցան, ասիկա թշնամիին կողմէ նաեւ ծրագրուած էր եւ միջոցները օգնեցին, որ մենք գաղթենք, որքան գաղութները կը պարպուին կը տկարանայ նաեւ այդ լեզուով խօսողներու թիւը»:
Վաստակաշատ հայերէնաւանդ ուսուցչուհի Լալա Միսկարեան-Մինասեանը թէեւ ծագումով արեւելահայ է, սակայն տասնամեակներ շարունակ արեւմտահայերէն լեզու, քերականութիւն եւ գրականութիւն դասաւանդեց սփիւռքի մէջ եւ դարձաւ ուսանողներուն սիրելի ուսուցչուհին: Տիկին Լալան կը հաւատայ, որ լեզուի պահպանութեան հիմնական գործը կը սկսի տունէն, ընտանիքէն:
Լալա Միսկարյան-Մինասյան- «Քարէն Եփփէ Ճեմարանի մէջ, իմ դասաւանդած սերունդները բոլորովին ուրիշ տուներէ կու գային, ուրիշ միջավայրերէ կու գային, անոնք ջարդէն եկածներու թոռնիկներ էին, անոնց մէջ սէրն ու ինքնապաշտպանութեան բնազդը շատ զօրաւոր էր, հայեցի ոգին շատ զօրաւոր էր, եւ մեծ դժուարութիւն չէր անոնց ոգի տալը, որովհետեւ ինծի կը թուի, թէ լեզուն ամէն բանէ առաջ նաեւ ոգի է, եթէ մենք կրնանք պզտիկին ոգի ներշնչել անիկա պիտի գտնէ ինքզինք ձեւով մը հասունութեան տարիքին մէջ: Հիմա աստիճանաբար անկումը նկատելի է, նախ որ գաղութը շատ փոքրացաւ եւ նաեւ որակի իմաստով կորուստ ունեցաւ, որովհետեւ շատեր գաղթեցին եւ անոնց մէջ կային հայերէնի հետապնդող, մտաւորական ընտանիքներ»:
Սակայն երբ առօրեայ, կենցաղային, տնտեսական հեղձամահ ընող խնդիրները կը ներխուժեն ընտանիք պահողներու միտքերուն մէջ ապա լեզուին կարեւորութիւնը բնականաբար պիտի նուազի: Տիկին Լալայի խօսքով՝ ծնողքի համար ի վերջոյ նիւթականը ապահովելը եւ ընտանեկան կենցաղային հոգսերը մեծ դեր կը խաղան այս հարցին մէջ, մանաւանդ այսօր պատերազմէն ետք քիչերը լեզուի մասին պիտի մտածեն, ուրեմն կը նշանակէ լեզուի պահպանութեան հարցը կը մնայ նախ մտաւորականութեան վրայ, յետոյ դպրոցներու, ակումբներու վրայ: Ըստ մանկավարժի՝ թէ որքանով կը կատարուի ատիկա հոն ալ արդէն պէտք եղած ուժերու սակաւութիւնը առկայ է: Լեզուի կարեւորութիւնը բացատրելու համար տիկին Լալան կը մէջբերէ Կոստան Զարեանի խօսքերը եւ լուսարձակի տակ կ°առնէ լեզուն հարուածող գլխաւոր վտանգները:
Լալա Միսկարյան-Մինասյան- «Կոստան Զարեն կ՛ըսէ, որ լեզուն ներկայ է մեր մարմինի իւրաքանչիւր մասի մէջ, մեր մկաններուն մէջ, մեր ուղեղի ծալքերուն մէջ, մեր զգացումներու թրթռացումներուն, մեր արեան մէջ, լեզուն ամէն բանէ առաջ արիւն է կ՛ըսէ, իսկ արիւն ըսելով մենք կը հասկնանք հող եւ հայրենիք, երբ մենք կը հեռանանք մեր լեզուէն կամայ թէ ակամայ, գիտութեամբ թէ անգիտութեամբ, երբ որ մենք կը ձգենք եւ կ՛երթանք Եւրոպական երկիրներ, Աւստրալիա, Ամերիկա, եւ այլն, ինչ որ տեղ մենք արդէն հայերէնը կը ծալենք եւ մէկդի կը դնենք, կամայ թէ ակամայ, որովհետեւ այդպիտի միջավայրերու մէջ մեծ աշխատանք կ՛ուզէ լեզուն պահպանելը, հետեւաբար մենք ոչ միայն մեր լեզուէն կը հրաժարինք, այլ մեր էութենէն կը՛հրաժարինք»:
Արեւմտահայերէնի սիրահար մանկավարժը, գրողն ու դասախօսը կը ցաւի արեւմտահայերէնի այսօրուան վիճակին համար: Ան քիչ մը յոռետես է, թէ ծանր վիճակներու մէջ ինչպէս պիտի պաշտպանուի արեւմտահայերէնը: Մասնագէտի կարծիքով՝ մենք սքանչելի ու անփոխարինելի բանաստեղծներ ունինք, որ ոեւէ ազգի մեծ պատիւ կը բերեն՝ Սիամանթօն, Վարուժանը, Թէքէեանը եւ շատ ուրիշ մեծեր ունինք, կը շեշտէ ան, որոնք այլեւս պիտի չընթերցուին: Տիկին Մինասեանը արեւմտահայերէն պահպանութեան գործին մէջ դեր կը վստահի նաեւ հայրենի պետութեան: Իսկ այս կարեւոր հարցի լուծման որպէս միջոցներէն մէկը ան կ՛առաջարկէ արեւմտահայերէնի մասին գիտելիքներ տրուի հայրենիքի դպրոցներուն եւ համալսարաններուն մէջ:
Լալա Միսկարյան-Մինասյան- «Հայաստանի մէջ, նախ դպրոցներու մէջ, նուազագոյն գիտելիքը տրուի արեւմտահայերէնի մասին, թէկուզ մէկ պահով տրուի, որպէսզի յետոյ երբ Հալէպէն կամ Պէյրութէն մէկը երթայ աշխատանք փնտռելու եւ հայերէն խօսի չըսեն «հայերէն խօսայ, որ հասկանանք» այսինքն` պարզ խաւը տեղեակ ըլլայ, մտաւորականութիւնը գիտէ անշուշտ: Կարելի է յետոյ համալսարանի մէջ պաշտօնապէս դաս նշանակել: Այս մեր լեզուն է եւ մեր հարստութիւնն է, կը սպասուի այս բոլորը: Յուսանք, որ մեր պետութիւնը օր մը պիտի խորհի այս մասին, լրջօրէն, իրատես»:
Հալէպի Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկի դասախօս եւ գրող պր. Լեւոն Շառոյանը յստակօրէն կը ներկայացնէ արեւմտահայերէնի նահանջի ժամանակագրական հանգրուանները: Անոր խօսքով՝ արեւմտահայերէնի նահանջի մասին խօսուիլ կը սկսի 1915-ի Մեծ Եղեռնէն անմիջապէս ետք, որովհետեւ Մեծ Եղեռնի օրերուն, արեւմտահայութեան կեդրոն՝ Պոլոսոյ մէջ ապրող ամէնէն երեւելի հայ մտաւորականները ձերբակալուեցան, աքսորուեցան, ապա նահատակուեցան եւ անկէ ետք ձեւով մը լեզուն անճիտուեցաւ:
Լեւոն Շառոյան- Գրող, մանկավարժ, դասախոս- «Քսանական թուականներուն այս երեւոյթին արձագանգը մեր գրականութեան մէջ ցոլացում գտաւ երբ Շահան Շահնուր 1929 թուականին հրատարակեց «Նահանջը առանց Երգի» վէպը եւ երբ ես ամէն անգամ որ այդ վէպը կարդացած եմ կամ այդ վէպի մասին արտայայտուելու կարիք ունեցած եմ, միշտ ալ ապշած եմ, որ ինչո՞ւ Շահնուր քսանական թուականներուն այդքան յոռետես էր մեր լեզուի ապագային նկատմամբ, որովհետեւ պէտք է նկատի ունենալ, որ քսանական թուականներուն Ֆրանսահայ գաղութը հայախօս գաղութ մըն էր, բազմաթիւ թերթեր, գրական հանդէսներ կը հրատարակուէին այնտեղ, եւ մանաւանդ, հոն կ°ապրէին Փարիզի տղաքը, նշանաւոր գրողներ, վերապրող երիտասարդներ, որոնք գագաթային բարձրութեան մը կրցան հասցնել մեր լեզուն եւ գրականութիւնը, ինչպէս օրինակ Շահնուրը, Վազգէն Շուշանեանը, Հրաչ Զարդարեանը, Նշան Պեշիկթաշլեանը Շաւարշ Նարդունին եւ ուրիշներ: Բայց ըստ երեւոյթին Շահնուրի ըրածը մարգարէացում մըն էր, որովհետեւ ան կանուխէն կանխագուշակեց, որ լեզուն քանի մը տասնամեակ ետք անպայման ընկրկումներ պիտի ապրէր եւ սպառնալիքներու երթակայ պիտի դառնար: Իսկապէս այդպէս պատահեցաւ, արեւմտահայերէնը իր առաջին ընկրկումները սկսաւ ապրիլ վաթսունական թուականներուն, իսկ իննիսունական թուականներէն ետք արդէն կը տեսնենք, որ արեւմտահայերէն անշքացած է, փետրաթափ եղած է եւ կրնամ համարձակօրէն ըսել, որ ճախճախուտի մը մէջ մտած է»:
Պարոն Շառոյեանը արեւմտահայերէնի նահանջի չորս պատճառներ կը նշէ՝ դպրոցներու վիճակի, սփիւռահայ գրականութեան իրավիճակ, մամուլ եւ օտարախօսութիւն: Մտաւորականը կ՛ըսէ, որ առաջին հերթին այլեւս մենք մեր ամէնօրեայ դպրոցներուն մէջ հայերէն լեզուի ուսուցման սկսած ենք այնքան ալ կարեւորութիւն չտալ, որքան կու տայինք անցեալին: Ան կը յիշէ, որ անցեալին մեր հայկական երկրորդական վարժարաններէն շրջանաւարտները նոյնիսկ կրնային շատ հեզասահ եւ յաջող կերպով հայերէնի դասաւանդութեան ձեռնարկել նախակրթարաններուն մէջ, այսօր դժբախտաբար նոյն կացութիւնը չունինք, մեր հայկական երկրորդական վարժարաններէն շրջանաւարտներու կարեւոր մէկ տոկոսը բաւարար հայերէն չի գիտեր եւ նոյնիսկ չորս հինգ տող անսխալ գրելու լուրջ դժուարութիւն ունի կը հաստատէ ան: Մասնագէտի խօսքով՝ անցեալի փառաւոր հայ գրականութիւնն այսօր իր մայրամուտը կ՛ապրի, որովհետեւ գրողները, արձակագիրներ, բանաստեղծներ, գրեթէ չունինք մեր շուրջ, հրապարակի վրայ:
Լեւոն Շառոյան- «Սփիւռքահայ մամուլը արեւմտահայերէնի դպրոցներէն մէկը կը համարուէր, որովհետեւ այդ մամուլի գլխուն, ունէինք շատ պատկառելի խմբագիրներ՝ Անդրանիկ Ծառուկեան մը, Սիմոն Սիմոնեան մը, Վահէ Վահեան մը, Մինաս Թէօլէօլեան մը, Բենիամին Թաշեան մը, ասոնք ոչ միայն թերթ կը խմբագրէին, այլեւ իրենց թերթերու սիւնակներուն մէջ հայերէնի լեզուի դասընթացքներ կը բանային անուղղակի կերպով, երբեմն ալ ուղղակի կերպով: Այդ թերթերուն մէջ մենք ունէինք նաեւ արեւմտահայերէնի ոստիկաններ, որոնք լեզուական, ուղղագրական բազմաթիւ նշումներ կը կատարէին եւ ճիշդ ուղղութեան վրայ կը դնէին լեզուի ուսուցումը: Մխիթարեան վարդապետներ կային, որոնք «Բազմավէպ»-ի էջերէն անդադար լեզուական օրէնքներ, ուղղումներ կը կատարէին: Այսօր այդ աւանդութիւնը գրեթէ անհետացած է հրապարակէն»:
Պարոն Շառոյեանի կարծիքով՝ արեւմտահայերէնի պահպանման այս գեր կարեւոր հարցի գործնական լուծումներ գտնելու համար երկրորդական վարժարանները այլեւս բաւարար չեն, մենք կարիքը ունինք հայագիտական հիմնակներու: Ան օրինակ բերաւ Լիբանանը, ուր ունեցած ենք Համազգայինի Հայագիտական հիմնարկը, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Հիւսիսեան հայագիտական հիմնարկը, Հայկազեան համալսարանը եւ ուրիշ դասընթացքներ, որոնք դժբախտաբար վերջին տասնամեակին փակուեցան: Ըստ անոր՝ Հալէպը տուած է լաւագոյն օրինակը երբ շուրջ քսանհինգ տարիէ ի վեր Հալէպի մէջ կը գործէ Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկը եւ անոր բազմատասնեակ շրջանաւարտները այսօր սփիւռքի լայն տարածքի մը մէջ պաշտօնի վրայ են, որպէս ուսուցիչներ, թերթերու սրբագրիչներ, յօդուածագիրներ, եւայլն:
Լեւոն Շառոյան- «Կ՛ակնկալեմ, որ ընդհանուր զօրաշարժի մը ենթարկուի սփիւռքը եւ ամէնէն հայահոյծ գաղութներու մէջ հայագիտական հիմնարկներ հաստատուին կամ առնուազն դասընթացքներ բացուին, օրինակ՝ պէտք է Լիբանանի մէջ նման հաստատութին մը հիմնել, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանը արդէն վերջին քանի մը տարիներուն նախաձեռնութիւն մը յանձն առաւ եւ բացաւ նման դասընթացք մը, անիկա պէտք է զօրացնել եւ անոր ծրագիրը առաւել ճոխացնել: Հայագիտական հիմնարկներ պէտք է բացուին յատկապէս Պոլսոյ, Ֆրանսային, Յունաստանի եւ Հարաւային Ամերիկայի մէջ, որովհետեւ այս գաղութներուն մէջ մենք ունինք տասնամեակներէ ի վեր հայկական ամէնօրեայ վարժարաններու արմատացած ցանց մը, այդ վարժարանէն շրջանաւարտ մեր երիտասարդներն ու երիտասարդուհիները եթէ հայերէն կը սիրեն, եթէ հայերէնի իրենց իմացութիւնը կ°ուզեն խորացնել ահաւասիկ կրնան դիմել այդ գաղութներու մէջ բացուած հայագիտական հաստատութիւններուն կամ դասընթացքներուն եւ խորացնել իրենց գիտելիքները»:
Պարոն Շառոյեանը բնաւ յոռետես չէ, ընդհակառակը մեծ յոյսեր ունի, որ քիչ մը աշխատանքով հարցը կրնանք լուծել: Ան կը յիշէ յիսունական թուականները, երբ համատարած թրքախօսութիւն կը տիրէր Սուրիոյ եւ Լիբանանի մեր հայկական գաղութներուն մէջ: «Մենք կրցանք այդ թրքախօսութիւնը վանել եւ ետ հայախօսութիւնը վերադարձնել մեր տուներուն եւ շրթունքներուն: Նոյնը հիմա ալ կրնանք ընել»,- կ՛ըսէ պր.Շառոյանը:
Իսկ Սուրիոյ մէջ լոյս տեսնող հայկական միակ թերթի՝ «Գանձասար»-ի խմբագիր Զարմիկ Չիլաբօշյան-Պօղիկյանը՛ արեւմտահայ մամուլը արեւմտահայերէնի կարեւոր հարթակներէն մէկը կը համարէ:
Զարմիկ Չիլաբօշյան-Պօղիկյան- Հալեպի «Գանձասար» թերթի խմբագիր- «Լեզուն հոգեւոր արժէք է, կրնայ ըլլալ նիւթեղէն արժէքներէն աւելի տոկուն ոգեղէն արժէք է, որովհետեւ մենք ինչպէս որ տեսանք Սուրիոյ մէջ պատերազմը քանդեց շէնքներ, դպրոցներ, եկեղեցիներ, կառոյցներ, բայց ոգեղէն արժէքները մնացին, չեն կրնար այդ արժէքները եթէ մենք դերակատարութիւն չունենանք անոնց կորուստին մէջ»:
Խմբագիրը սփիւռքահայ երիտասարդութեան մօտ լեզուի նկատմամբ հետաքրքրութեան պակաս կը նկատէ, սակայն այս իրավիճակի պատասխանատուն միայն երիտասարդութիւնը չի համարեր:
Զարմիկ Չիլաբօշյան-Պօղիկյան- «Եթէ մենք ուզենք պահպանել, միջոցները կարելի է գտնել, եթէ մենք երիտասարդութեան սիրցնենք լեզուն հայրենիքի թէ սփիւռքի մէջ, արեւելահայերէնը եւ արեւմտահայերէնը երկուքն ալ մեր հարստութիւններն են, անոնց արժէք տանք պահպանելու միջոցները սերտենք, առնուազն ուղղագրութիւնը մէկ ուղղագրութիւն դարձնենք, աստիճանաբար մերձեցնենք արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի ճիւղերը կը կարծեմ, որ լեզուն չի կորսուիր, փաստօրէն, եթէ հարիւր տարի պահպանուէր է արեւմտահայերէնը առանց պետութեան կը նշանակէ, որ մենք կարելիութիւն ունեցած ենք այն պաշտպանելու»:
Իսկ որպէս հարցի լուծում տիկին Պօղիկեանը կը կարծէ, որ յաւելեալ կարեւորութիւն պէտք է տրուի այս խնդիրին առնչութիւն ունեցողներուն:
Զարմիկ Չիլաբօշյան-Պօղիկյան- «Նախ պէտք է կարեւորութիւն տրուի մտաւորականութեան, լեզուաբաններու, գրողներու, ինչ որ կը նկատենք ամէն մակարդակներու վրայ, թէ Հայաստանի թէ սփիւռքի մէջ, մտաւորականներու այդ անհրաժեշտ կարեւորութիւնը չի տրուիր, գրողներու, ուսուցիչներու, մամուլի, մամուլը պահելու: Մամուլը միայն լրատուամիջոց չէ, դժբախտաբար ներկայիս այդ դերակատարութիւնը պահուած է մամուլին, յատկապէս երբ տպագիր մամուլը սկսած է տեղի տալ առցանց մամուլին, առաւելաբար երիտասարդութիւնը մամուլին կը մօտենայ, որպէս քարոզչական հարթակ, ոչ այդպէս չէ, մամուլը նաեւ լեզու պահելու, մշակոյթ պահելու, լեզուամտածողութիւն զարգացնելու հարթակ է»:
Տիկին Լալան լեզուի կարեւորութիւնը շեշտադրելու համար մէջբերեց նահատակ բանաստեղծ Դանիէլ Վարուժան խօսքը, որ կ՛ըսէ «Մեզի համար, որ զանազան սպառնալիքներու տակ ինկած փոքր ազգ մըն ենք, որ պէտք ունինք մեր բոլոր տոհմային յատկութիւնները կեդրոնացնելու եւ զարգացնելու, մեզի համար կ՛ըսեմ, մեր լեզուն մատի ծայրերով բռնելը խիթալի ոճիր կը համարուի»: