Մեծի Տանն Կիլիկո Արամ Ա կաթողիկոսը հանդես է եկել հռչակագրով՝ անդրադառնալով Հայաստանում և Արցախում ստեղծված իրավիճակին, պատերազմին, մեր հետագա քայլերին և անելիքներին։
Հայրապետական հռչակագիրը Անթիլիասի Մայրավանքում հունվարի 10-ին կարդացել է Գերշ. Տ. Շահան արքեպիսկոպոսը։
Ներկայացնենք հռչակագիրն ամբողջությամբ․
«Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան
Թեմակալ Առաջնորդներուն,
հոգեւոր դասուն,
Ազգային Իշխանութեանց, եւ
մեր ժողովուրդի զաւակներուն
2021 տարուան սեմին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքէն քրիստոնէական սիրով ու հայրապետական օրհնութեամբ կ’ողջունենք Ազգ. Ընդհանուր Ժողովը, Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովները, Միաբանութիւնը, Թեմակալ Առաջնորդները ու Ազգ. Իշխանութիւնները, ինչպէս նաեւ մեր կեանքէն ներս գործող բոլոր միութիւնները, կազմակերպութիւնները եւ կրթական, մշակութային ու բարեսիրական կառոյցները։ Հայրական ջերմ սիրով կ’ողջունենք մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակները։ Կ’աղօթենք առ Բարձրեալն Աստուած, որ բացուող Նոր Տարին լեցուի առողջութեամբ, յաջողութեամբ եւ երջանկութեամբ մեր անհատական, ընտանեկան եւ ազգային կեանքին մէջ։
2020 թուականը հռչակած էինք «Յատուկ Խնամքի Կարօտ Հայորդիներու Տարի»։ Այս ուղղութեամբ Մենք յաջորդական այցելութիւններ տուինք Թռչնոց Բոյն, Ազգ. Ծերանոց, Ազգ. Բուժարան, Զուարթնոց Կեդրոն, բարեսիրական, մարդասիրական ու ընկերա-բժշկական կեդրոններ, եւ Մեր հայրական գուրգուրանքն ու աջակցութիւնը յայտնեցինք, միաժամանակ Մեր գնահատանքը՝ բոլոր այն ազգայիններուն, որոնք օգտակար կը հանդիսանան յիշեալ կառոյցներուն մէջ պատսպարուած եւ յատուկ խնամքի ու հոգածութեան կարօտ մեր զաւակներուն։ Նոյն թելադրութիւնը կատարեցինք մեր Թեմակալ Առաջնորդներուն ու Ազգ. Իշխանութեանց։ Սակայն, տարուան ընթացքին մեր կեանքէն ներս յառաջացած յաջորդական տագնապները առիթ չտրուին, որ կարենայինք այս ուղղութեամբ աւելի կազմակերպ ու հետեւողական կերպով ծրագիրներ մշակել ու աշխատանք տանիլ։ Այդուհանդերձ, Մեր մտահոգութիւնը ու յանձնառութիւնը կը մնան նո՛յնը։
Արդարեւ, անցնող տարին, 2020 թուականը, ընդհանրապէս մարդկութեան եւ յատկապէս մեր ժողովուրդին համար բազմաթիւ ու բազմազան տագնապներով լեցուն տարի մը եղաւ։ Առաջին հերթին քորոնա ժահրին ստեղծած վտանգալից կացութիւնը իր խոր ազդեցութիւնը ունեցաւ ընկերութեան կեանքի բոլոր մարզերէն ներս։ Ահաւոր ցնցումի ենթարկուեցաւ համայն մարդկութիւնը. ողջ երկրագունդի տարածքին համաճարակը պատճառ դարձաւ բազմաթիւ վարակումներու ու մահերու, ինչպէս նաեւ՝ տնտեսական տագնապի։ Համաճարակը տակաւին կը շարունակուի նոյն թափով, հակառակ որդեգրուած նախազգուշական միջոցներուն եւ բժշկագիտական բնագաւառէն ներս կատարուած պատուաստի գիւտին։ Բնականաբար, հայ կեանքը եւս Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի մէջ կրեց համաճարակին ծանր հետեւանքները։
2020 թուականը համաճարակին առընթեր, Լիբանանի հայութեան համար ա՛յլապէս եղաւ տագնապալից։ Արդարեւ, երկրէն ներս յառաջացած տնտեսական դժուարութիւնները հետզհետէ խորանալով ստեղծեցին նիւթական լուրջ մտահոգութիւններ մեր ընտանիքներուն ու կառոյցներուն համար։ Եւ աւելի՛ն՝ Օգոստոսի 4-ին Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ պատահած ահաւոր պայթումը պատճառ դարձաւ նաեւ հայ զոհերու, վիրաւորներու ու բազմաթիւ քանդումներու։ Թէ՛ Կաթողիկոսարանը եւ թէ Առաջնորդարանը ու մեր բոլոր կազմակերպութիւնները իրենց գերագոյնը կատարեցին օգտակար հանդիսանալու կարիքաւոր ընտանիքներուն, վերաշինելու քանդուած տուները եւ Լիբանանի հայութիւնը առաջնորդելու դէպի վերականգնում։ Այս ուղղութեամբ Հայաստանի պետութեան, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան, Երուսաղէմի ու Պոլսոյ հայոց Պատրիարքութեանց, մեր թեմերուն ու գաղութներուն, եւ անհատ ազգայիններուն նիւթաբարոյական զօրակցութիւնը կարեւոր նեցուկ հանդիսացաւ Լիբանանի հայութեան վերականգնումին։ Օժանդակութիւնները հանգրուանային կերպով կը շարունակուին՝ Մեր հովանաւորութեամբ եւ երեք համայնքներուն, կուսակցութիւններուն ու բարեսիրական միութիւններուն մասնակցութեամբ կազմուած յանձնախումբին հսկողութեամբ։
2020 տարուան Սեպտեմբեր 27-էն սկսեալ հայ ժողովուրդը կ’ապրի վերոյիշեալ տագնապները գերազանցող այլ ահաւոր տագնապ մը՝ ազերիական ու թրքական միացեալ բանակներու յարձակումը Արցախի վրայ։ Արդարեւ, Արցախի պատերազմին յառաջացուցած ցնցումը իր բոլոր երեսներով ու հետեւանքներով, աննախադէպ էր վերջին դարու մեր ժողովուրդի պատմութեան մէջ։ Տասնամեակներ շարունակ, աղօթեցինք ու պատգամեցինք, գրեցինք ու երգեցինք եւ մանաւանդ՝ հաւատացինք, թէ Արցախը մե՛րն է եւ թէ՝ «յաղթելու ենք» մեզի պարտադրուած այս պատերազմը։ Սակայն փաստօրէն հակառակը պատահեցաւ։ Արցախին մեծ մասը գրաւուեցաւ ազերիներուն կողմէ, ունեցանք բազմահարիւր զոհեր ու վիրաւորներ, քանդուեցան վանքեր ու տուներ եւ մեծ թիւով ընտանիքներ դարձան գաղթական։ Պատերազմին ծանր վնասները կը շարունակեն կրել Արցախի թէ Հայաստանի մեր զաւակները։
Արդ, նկատի ունենալով մեր ժողովուրդին ամուր կապուածութիւնը Արցախին, անոր ինքնիշխանութեան ու անկախու-թեան իրաւունքին, եւ Արցախը մեր մտահոգութիւններուն ու աշխատանքներուն կիզակէտը դարձնելու սպասումէն մղուած, 2021 տարին կը հռչակենք
Արցախի տարի
Վստահ ենք, որ մեր ժողովուրդի զաւակները առաւել կամ նուազ չափով ծանօթութիւններ ունին Արցախի մասին. ոմանք այցելած են Արցախ, եւ ուրիշներ նո՛յնիսկ՝ հոն բնակութիւն հաստատած։ Սակայն, այս առիթով անհրաժեշտ կը նկատենք նախ Արցախի աշխարհագրութեան ու պատմութեան մասին կարգ մը հիմնական տեղեկութիւններ փոխանցել պատմական Հայաստանի այս կարեւոր շրջանին մասին, եւ ապա կ’ուզենք կարգ մը ընդգծումներ ու թելադրութիւններ կատարել։
Արցախը երէկ եւ այսօր
Հայոց աշխարհի արեւելեան կողմը գտնուող Արցախը, իր բարձրաբերձ եւ անառիկ լեռներով, անդնդախոր կիրճերով, խոր ձորերով, խիտ անտառներով եւ լայն սարահարթերով, պատմութեան ընթացքին եղած է հայկական ինքնութեան պաշտպանութեան միջնաբերդը եւ օտար նուաճողներու ու բռնակալութեանց դէմ շղթայազերծուած ազգային ազատագրական պայքարներուն յառաջապահը։
Պատմական Հայաստանի տասնըհինգ նահանգներէն մէկը հանդիսացող Արցախի սահմաններն են՝ արեւելքէն եւ հիւսիս-արեւելքէն՝ Ուտիք, արեւմուտքէն եւ հարաւ-արեւմուտքէն՝ Սիւնիք, հարաւէն՝ Արաքս գետ։ Արցախ բաժնուած է տասնըհինգ գաւառներու։ Գլխաւոր քաղաքներն են.- Շուշին, Հադրութը, Մարտունին, Ստեփանակերտը, Ասկերանը, Մարտակերտը, Թալիշը, Առաջաձորը եւ Վանքը։
Արցախի գրեթէ բոլոր գետերը կը բխին արեւմտեան եւ հարաւ-արեւմտեան բարձրաբերձ լեռներէն եւ ձորերէն ու հովիտներէն գահավիժելով կը հոսին դէպի արեւելք ու հարաւ-արեւելք։ Արցախը ունի նաեւ հանքային պաղ եւ տաք ջուրեր ու աղբիւրներ։ Անոր տարածութեան մօտաւորապէս կէսը ծածկըւած է բազմազան ու այլազան ծառերու ու բոյսերու թանձրախիտ անտառներով, որոնք հարուստ են պտղատու ու վայրի ծառատեսակներով։ Արցախ հարուստ է նաեւ բազմատեսակ կենդանիներով, ինչպէս նաեւ հանքերով, որոնց շարքին՝ պղինձի, կապարի, ոսկիի, երկաթի, ծծումբի, մարմարի, կրաքարի, տուֆի, աւազի, կաւի հանքավայրեր։ Արցախի կլիման ընդհանրապէս չոր է. ձմեռը՝ ցուրտ եւ ձիւնառատ, գարունը՝ հաճելի, ամառը՝ արեւոտ, իսկ աշունը՝ բարեխառն։
Արցախի հողը բարեբեր է։ Շնորհիւ իր հարուստ արօտավայրերուն, Արցախ անասնապահութեան լայն հնարաւորութիւններ ունի։ Զարգացած է յատկապէս մեղուաբուծութիւնը։ Արցախի բարբառը, իր կարգին, ենթաբաժանումներ ունի, եւ տարբեր շրջաններ ու գիւղեր ունին իրենց յատուկ խօսելաձեւեր։ Արցախցիք հինէն ի վեր ծանօթ եղած են իբրեւ վարպետ գորգագործներ։
Հայոց պատմութեան հնագոյն ժամանակներէն սկսեալ, Արցախ մաս կազմած է հայկական պետականութեան։ Յոյն պատմագիր եւ աշխարհագիր Ստրաբոն Մեծ Հայքի կազմէն ներս կը յիշէ Արցախ նահանգը։ Տիգրան Մեծ արքայից արքան Արցախի մէջ կառուցած է իր անունով՝ Տիգրանակերտ քաղաքը։ Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան պետական կրօն հռչակումէն ետք, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի թոռը Սուրբ Գրիգորիս, Կեսարիոյ մէջ եպիսկոպոս ձեռնադրուելէն ետք, դարձաւ Արցախի եւ Աղուանքի առաջին եպիսկոպոսը, եւ հիմնեց Ամարասի վանքը։
Արցախի մէջ շրջան մը հաստատուեցաւ Աղուանից Կաթողիկոսութիւնը, որուն առաջին Կաթողիկոսը եղաւ Արցախցի Աբաս Եպիսկոպոսը։ Յիշեալ Կաթողիկոսութիւնը ԺԴ. դարուն տեղափոխուելով Գանձասարի վանքը կոչուեցաւ Գանձասարի Կաթողիկոսութիւն եւ ապա, 1815-ին վերածուեցաւ թեմի։ Շուշիի Ղազանչեցոց Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցին դարձաւ առաջնորդանիստ։ Արցախ ունէր բազմաթիւ վանքեր, որոնք դարձան նաեւ մշակոյթի ու կրթութեան ճառագայթող կեդրոններ, Գանձասարի վանքը մշակոյթի կողքին շրջան մը դարձաւ նաեւ ազատագրական պայքարի կեդրոն։ Արցախ հարուստ էր եկեղեցիներով ու սրբավայրերով։ Պատմութեան ընթացքին Արցախ մեր ժողովուրդին տուած էր բազմաթիւ հոգեւոր, կրթական, հասարակական ու քաղաքական դէմքեր, որոնց կարգին՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Անթիլիասական շրջանի Հայրապետներէն երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. Յովսէփեան Կաթողիկոս։
Արցախը երկար ժամանակ պահպանեց իր քաղաքական ինքնուրոյն գոյավիճակը եւ ինքնիշխանութիւնը՝ նոյնիսկ Հայաստանի վրայ արաբական տիրապետութեան շրջանին։ ԺԱ.-ԺԲ. դարերուն ան ենթարկուեցաւ թուրք-մոնկոլական եւ թուրքմէնական թափառաշրջիկ ցեղերու յաճախակի ներխուժումներուն։ Իսկ ԺԴ. դարէն սկսեալ, երբ այլեւս փոխուած էր հայոց աշխարհին ազգագրական պատկերը եւ թուրք ցեղերը տիրական ներկայութիւն սկսած էին դառնալ, Արցախի փոխարէն սկսաւ գործածուիլ Ղարաբաղ անունը։ ԺԷ. դարու վերջաւորութեան, պարսկական եւ թրքական տիրապետութեանց դէմ պայքարելու համար, Ղարաբաղի մէջ կազմաւորուեցան հինգ իշխանութիւններ, որոնք պատմութեան մէջ ծանօթ են Խամսայի մելիքութիւններ անունով։
Խորհրդային իշխանութեան հաստատումէն ետք, Արցախ բռնագրաւուեցաւ Ազրպէյճանի կողմէ, եւ 1923-ին Սովետական Միութեան միջամտութեամբ կազմաւորուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզը։ Արցախի ազատագրական շարժումը սկսաւ 1988-ին Սովետական Միութեան փլուզման սկիզբը եւ 1991-ին հռչակուեցաւ Արցախի Հանրապետութիւնը, իսկ Շուշին ազատագրուեցաւ 9 Մայիս 1992-ին։ Շուշիի ազատագրումը խորհըրդանիշ դարձաւ Արցախի ազգային վերածնունդին։
Այսօր, Արցախի տարածութեան մեծ մասը գրաւուած է Ազըրպէյճանի կողմէ։ Արցախ իր դարաւոր պատմութեան ընթացքին նման հարուածներու ենթարկուած է, սակայն միշտ տոկացած է ու վերապրած է։ Հայու ոգիին անյարիր է պարտուողական հոգեվիճակը. անոր ապաւէնը հաւատքն է ու յոյսը։ Արցախի ստացած հարուածին հետեւանքով ցնցում ապրած հայ ժողովուրդի յաղթանակի միակ ճանապարհը հաւատքով շաղախուած յանձնառու պայքարն է՝ ի խնդիր իր իրաւունքներուն վերատիրանացման։
Ողբերգութենէն՝ վերածնունդ
Ինչպէս յիշեցինք, Սովետական Միութեան փլուզման առաջին օրերուն, շնորհիւ մեր հերոս զաւակներուն, Արցախի անկախութիւնը հռչակուեցաւ, ինչպէս նաեւ նոր տարածքներ ազատագրուեցան, Արցախի Հանրապետութեան անվտանգութիւնը պահպանելու հեռանկարով։ Ստեղծուած այս նոր իրավիճակը ընդունելի չեղաւ Ազրպէյճանին համար։ Արցախը եւ գրաւեալ հողերը վերագրաւելու Ազրպէյճանի ճիգերը ի դերեւ ելան եւ 1994-ին զինադադար մը հաստատուեցաւ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ։ Զինադադարին յաջորդեցին քաղաքական բանակցութիւնները՝ Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի համանախագահութեամբ Մինսկի խմբակի հովանաւորութեան ներքեւ. բանակցութիւնները տեւեցին շուրջ 15 տարի։ Հայաստանի սկըզբունքային մօտեցումը միշտ մնաց նոյնը՝ թէ Արցախի Հանրապետութիւնը որպէս կողմ մասնակից պէտք է դառնայ բանակցութեան, ազատագրեալ հողերու վերադարձը եւ Արցախի գոյավիճակին ճշդումը պէտք է կատարուի զուգահեռ, որպէս անբաժանելի ամբողջութիւն, եւ Արցախի ժողովուրդը պէտք է վերահաստատէ իր ինքնիշխանութեան իրաւունքը։ Ազրպէյճանի մօտեցումը միշտ եղաւ՝ գրաւեալ հողերու վերադարձ, եւ թէ՝ Արցախը Ազրպէյճանի հողային ամբողջականութեան մաս կը կազմէ, եւ անոր ինքնավարութեան հարցը կարելի է հետագային քննել։
Բանակցութիւնները փաստօրէն չկրցան յիշեալ հակադիր մօտեցումներու միջեւ համաձայնութեան հասարակաց եզրեր գտնել, Ազրպէյճանը զանազան առիթներով փորձեց զէնքի ուժով իր պահանջը պարտադրել, յատկապէս 2016 Ապրիլի չորսօրեայ պատերազմին։ Հայաստանի ու Արցախի անզիջող կեցուածքին դիմաց, Ազրպէյճանը զինուորական համաձայնութիւն մը կնքելով Թուրքիոյ հետ, նաեւ իր շարքերէն ներս ներառելով Սուրիայէն եւ այլ երկիրներէ փոխադրուած ահաբեկիչներ, Սեպտեմբեր 27-ին անակնկալ կերպով յարձակում գործեց Արցախի բոլոր ճակատներուն վրայ։ Արդիական ու կատարելագործուած զէնքերով օժտուած ազերի ու թուրք բանակը ոչ միայն օդի ու ցամաքի ճամբով ահաւոր ռմբակոծումի ենթարկեց հայոց բանակի կեդրոնները, այլ նաեւ՝ Ստեփանակերտէն սկսեալ Արցախի բոլոր քաղաքներն ու գիւղերը, պատճառելով մարդկային ու նիւթական բազմաթիւ զոհեր ու ահաւոր քանդումներ։ Պատերազմը տեւեց 44 օր. հայոց բանակը քաջօրէն դիմադրեց ազրպէյճանական ու թրքական հսկայ բանակին։
Նկատի ունենալով պատերազմին յառաջացուցած ծանր քանդումները եւ շրջանէն ներս աշխարհաքաղաքական հետեւանքները, Միացեալ Նահանգներ, Ռուսիա եւ Ֆրանսա բազմիցս զինադադարի կոչ ուղղեցին. սակայն, Ազրպէյճանը չյարգեց նոյնիսկ իր կողմէ ստորագրուած համաձայնագիրը։ Ապա, Ռուսիոյ նախաձեռնութեամբ ու հովանաւորութեամբ համաձայնագիր մը ստորագրուեցաւ Հայաստանի, Ազրպէյճանի ու Ռուսիոյ միջեւ։ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի պետական թէ քաղաքական պատասխանատուները եւ ընդհանրապէս մեր ժողովուրդը յիշեալ համաձայնագրին նկատմամբ լուրջ վերապահութիւն ունին, նկատի ունենալով անոր կարգ մը երկդիմի ու անորոշ կէտերը, որոնք կրնան վնասաբեր դառնալ Հայաստանի անվտանգութեան ու անկախութեան։
Մեկնելով ներկայ իրավիճակէն, պիտի ուզենք կարգ մը կարեւոր ընդգծումներ ու յիշեցումներ կատարել.-
1) Ինչպէս ըսինք, ներկայ համաձայնագիրը կը կարօտի լուրջ վերանայման, որովհետեւ զինադադարի ծիրէն անդին՝ հոն ներառուած են այնպիսի կէտեր, որոնք կրնան վտանգել Հայաստանի պետականութեան հիմքերը ու հողային ամբողջականութիւնը։ Հետեւաբար, անհրաժեշտ է որ Հայաստանի իշխանութիւնը հետամուտ ըլլայ համաձայնագրին թէ՛ անթերի գործադրութեան եւ թէ լուրջ բարեփոխութեան՝ միաժամանակ ցուցաբերելով աւելի մարտունակ դիւանագիտութիւն եւ աչալուրջ կերպով հետեւելով Մինսկի խմբակի բանակցութիւններուն։
2) Պատերազմի ժամանակ Արցախէն մեծ թիւով ընտանիքներ ապաստան գտան Հայաստանի մէջ։ Զինադադարի հաստատումէն յետոյ, անհրաժեշտ է որ անոնք վերադառնան Արցախ եւ վերականգնեն իրենց տուները ու գործատեղիները՝ պետութեան անմիջական օժանդակութեամբ։ Արցախի ժողովուրդին ֆիզիքական ներկայութիւնը ու թուային աճը կենսական կարեւորութիւն ունին թէ՛ անվտանգութեան եւ թէ քաղաքական իմաստով։
3) Անհրաժեշտ է, որ Հայաստանի իշխանութիւնը հետեւողական կերպով շարունակէ գերիներու վերադարձին եւ կորսուածներուն փնտռտուքի ճիգը, ինչպէս նաեւ վիրաւորներու յատուկ խնամք տանելու եւ զոհուած զինուորներու ընտանիքներուն հատուցում կատարելու աշխատանքները։
4) Անհրաժեշտ է, որ Արցախի կրօնամշակութային վայրերու անվթար պահպանումը յատուկ կերպով հետապնդուի Հայաստանի ու Ազրպէյճանի միջեւ կնքուած համաձայնագրին գործադրութեան ծիրէն ներս, ինչպէս նաեւ երաշխաւորուի Մինսկի խըմբակի եւ Իւնեսքոյի կողմէ։
5) Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչումը պէտք է դառնայ առաջնահերթ։ Այս ուղղութեամբ ծրագրուած աշխատանք պէտք է կատարուի թէ՛ Հայաստանի, թէ Արցախի եւ թէ Սփիւռքի պետական թէ քաղաքական կառոյցներուն ու պատասխանատուներուն կողմէ։
6) Արցախի վերականգնումը՝ իր հողային, տնտեսական, պետական, քաղաքական եւ այլ երեսներով կը կարօտի համահայկական ծրագրումի, մասնակցութեան ու յանձնառութեան։ Հսկայ մարտահրաւէրի դիմաց կը գտնուի մեր ազգը։ Սովորական ծրագիրներով ու ընթացիկ աշխատանքներով կարելի չէ Արցախը վերականգնել։ Հետեւաբար, համազգային ներդրումը ու ներուժը ի սպաս Արցախի վերածաղկման՝ աւելի քան հրամայական են։ Այս շրջագծէն ներս առանցքային կը նկատենք Սփիւռքին դերը։
7) Վերջապէս, չմոռնանք որ Կովկասէն ներս ստեղծուած են աշխարհաքաղաքական նոր պայմաններ, որոնք նպաստաւոր չեն Հայաստանի ու Արցախի համար։ Այս կացութեան դիմաց, անհրաժեշտ է նոր ռազմավարութիւն ու մարտավարութիւն մշակել, ըլլալ զգօն, իրատես ու միակամ՝ հեռու մնալով ներքին ցնցումներ յառաջացնող քայլերէ։
Մեր կատարած յիշեցումներուն ու առաջադրանքներուն լոյսին տակ կ’ուզենք կարեւորութեամբ շեշտել, թէ բոլոր պայմաններուն մէջ՝
ա) Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքը պէտք է մնայ անսակարկելի։
բ) Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչումը պէտք է դառնայ առաջնահերթութիւն։
գ) Արցախ ժողովուրդին թուային աճը ու տնտեսութեան զարգացումը պէտք է առանցքային տեղ գրաւեն համահայկական օրակարգին վրայ։
Այս մտածումներէն ու սպասումներէն մեկնելով, հայրական կոչ կ’ուղղենք մեր թեմերուն.-
Առաջին, 2021 տարուան ընթացքին դասախօսութիւններու, հրատարակութիւններու ու զանազան նախաձեռնութիւններու ճամբով մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ արծարծ պահել Արցախը վերականգնելու մեր հաւաքական կամքը ու յանձնառութիւնը։
Երկրորդ, յատուկ ձեռնարկներու ու մրցանքներու ճամբով, յատկապէս մեր նոր սերունդին մօտ Արցախը դարձնել կենդանի ներկայութիւն՝ իր անցեալով, ներկայով ու մանաւանդ ապագայի տեսլականով։
Երրորդ, մեր անմիջական շրջապատին եւ մասնաւորաբար միջազգային կառոյցներուն ու շրջանակներուն հետ մեր ունեցած յարաբերութեանց ճամբով շեշտել Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքին հրամայականը։
Չորրորդ, աշխատանք տանիլ, որ մեր ունեւոր ազգայիններուն, գործատէրերուն եւ օտարներուն կողմէ նիւթական աջակցութիւն կատարուի Արցախի զանազան ծրագիրներուն, ինչպէս նաեւ՝ տնտեսական ներդրում։
Ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս կորսնցուցինք Արցախին պարտադրուած այս պատերազմը։ Այս գծով զանազան մեկնաբանութիւններ կը կատարուին ու բնականաբար պիտի կատարուին։ Անհրաժեշտ է, որ այս գծով համապարփակ ու առարկայական հաշուետուութիւն կատարուի մեր ժողովուրդին Հայաստանի ու Արցախի իշխանութեանց կողմէ։ Մենք մեր յոյսը պէտք չէ կորսնցնենք, մեր կամքը պէտք չէ տկարացնենք։
Պատերազմի դաշտին վրայ պարտուեցանք, սակայն մեր ազգն ու հայրենիքը չպարտուեցան եւ երբեք պիտի չպարտուին։ Յիշենք Վարդանանց պատերազմը. յիշենք նաեւ հայոց ցեղասպանութիւնը եւ մեր ժողովուրդին վերապրելու կամքը։ Վերանորոգ հաւատքով ու վճռակամութեամբ մեր ժողովուրդը պիտի շարունակէ իր պայքարը։ Ազրպէյճանը ու Թուրքիան պէտք է քաջ գիտնան, թէ Արցախը հայ ազգի կեանքին անբաժանելի մասը կը կազմէ, թէ՝ Արցախի մեր ժողովուրդը իրաւունք ունի իր անկախութիւնը վերահաստատելու, եւ թէ՝ Արցախը կը մնայ ողջ հայութեան զօրակցութեան կիզակէտը։
Եկէք, սիրելի՛ հայորդիներ, ջերմօրէն ողջունենք հայոց քաջ բանակը, աղօթենք մեր նահատակ զինուորներու հոգիներուն համար եւ մեր գերիներու ու կորսուածներու շուտափոյթ վերադարձին համար։
Գործնապէս զօրակցինք մեր վիրաւորներուն եւ սգաւոր ու կարիքաւոր ընտանիքներուն։ Աղօթենք Հայաստանի ու Արցախի անվտանգութեան ու մեր ժողովուրդի բարօրութեան համար։ Թող մեր բոլորին Արարիչը ու Տէրը պահապան ըլլայ մեր ազգին ու հայրենիքին»։