Հինգշաբթի Երեկոյեան Ժամերգութենէն ետք, Անթիլիասի Մայրավանքի «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ միաբանական հաւաք մը տեղ ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ։
Հաւաքին սկիզբը Վեհափառ Հայրապետը շարք մը թելադրութիւններ կատարեց միաբան հայրերու քարոզախօսութիւններու, դասախօսութիւններու եւ ընկերային ցանցերու գործածութեան առնչուած, ինչպէս նաեւ շեշտեց եկեղեցւոյ ընկերային ծառայութիւնը առաւել ծաւալելու եւ մեր կարիքաւոր ընտանիքներուն օժանդակելու կարեւորութիւնը։
Միաբանական հանդիպումի երկրորդ բաժինը յատկացուած էր Կաթողիոկոսարանի հոգեմտաւոր հարստութեան ներկայացման։ Անցնող շաբթուան ընթացքին ներկայացուած էր ձեռագրատան ու հնատիպներու բաժիններն ու մատենադարանը, իսկ այս անգամ ներկայացուեցաւ «Կիլիկիա» թանգարանը՝ տեսուչ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեանի կողմէ։
Հայր սուրբը ընդհանուր գծերով պարզեց թանգարանի ներքին կառոյցը եւ բաժանմունքները՝ իւրաքանչիւրին պարագային ներկայացնելով անոր պարունակած իրերը։ Ան յատկապէս ծանրացաւ «Կիլիկիա» թանգարանի պարունակած այն իրերուն վրայ, որոնք եզակի արժէք կը ներկայացնեն հայ եկեղեցւոյ ու մշակոյթի հոգեմտաւոր ժառանգութեան մէջ։ Հայր սուրբը նաեւ լայնօրէն անդրադարձաւ Կաթողիկոսարանի մասունքներուն, որոնք Կիլիկիոյ Սիսի դարաւոր Կաթողիկսարանէն 1915-ին ցեղասպանութեան ընթացքին ամէնէն դաժան պայմաններու մէջ փոխադրուած են Անթիլիաս՝ Երջանկայիշատակ Սահակ Բ. Խապայեան Կաթողիկոսին կողմէ։
Իր եզրափակիչ խօսքին մէջ Նորին Սրբութիւնը իր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ 1997-ին հաստատուած թանգարանը անցնող տարիներուն նոր իրերով ճոխացած է եւ կոչ ուղղեց մեր ժողովուրդի զաւակներուն, որպէսզի իրենց մօտ գտնուող պատմական թանկարժէք իրերը յանձնեն թանգարանին։
Միաբանական յաջորդ հաւաքին պիտի ներկայացուի Կաթողիկոսարանին արխիւատունը։